Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիան ¤ԳԱԱ_ այս տարի կը նշէ հիմնադրութեան ութսունամեակը։ Ակադեմիան 80ամեայ յոբելեանի առիթով զանազան յուշամետայլներ պատրաստած է այն հիմնարկներու անունով, որոնք կը գործեն իր ենթակայութեան ներքեւ։ Անոնցմէ առաջինը՝ որպէս Պատմութեան հիմնարկի յուշամետայլ, շնորհուեցաւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր՝ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանին։
Այսպէս, 25 Հոկտեմբերին ԳԱԱի պատմութեան հիմնարկին մէջ հանդիսաւոր նիստ մը գումարուեցաւ նուիրուած՝ Ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ, Վենետիկի գիտութիւններու, գրականութեան եւ արուեստի ակադեմիայի իսկական անդամ, Արհի. Լեւոն Արք. Զէքիեանի ծննդեան 80-ամեակին։
Միջոցառման ժամանակ ՀՀ ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժնի ակադեմիկոս եւ քարտուղար, Եուրի Սուվարեան Արհի. Լեւոն Արք. Զէքիեանին յանձնեց ԳԱԱի մետայլը։ «Այս մետայլը որ հաստատուած է Ակադեմիոյ 80ամեակի առիթով, կը շնորհուի Լեւոն Արք. Զէքիեանին՝ իր ծննդեան 80ամեայ յոբելեանի օրերուն», ըսաւ ակադեմիկոս Սուվարեան։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun