İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՀԱՐՆԵՐԷՆ «ՀԱՒԱՏՈՎ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՄ» ԱՂՕԹՔԸ՝ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԱԾ 50 ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՒ

Մխիթարեան միաբանութեան հրատարակչատունը լոյս ընծայած է հայ եկեղեցական գործիչ, աստուածաբան, բանաստեղծ, երաժշտագէտ, երգահան, պատմիչ, 1166-ին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքի յիսուն լեզուներով թարգմանուած հատորը։ Համաշխարհային հոգեւոր գրականութեան գոհարներէն է այս աղօթքը, որ երեսունէ աւելի լեզուներու արդէն թարգմանուած եւ հրատարակուած էր շատ անգամներ:

Սուրբ Ներսէս Դ. Կլայեցի Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցի առիթով Մխիթարեան միաբանութիւնը Սուրբ Ղազարի կաճառի որոշումով ձեռնարկած է «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքի բազմալեզուեան հրատարակութիւնը թարմացնել եւ նորովի լոյս ընծայել։ «Հաւատով խոստովանիմ»ի բազմալեզու թարգմանութեան միտքը յղացուած է ճիշտ 215 տարի առաջ՝ 1808-ին, Հ. Յարութիւն Վարդապետ Աւգերեանի կողմէ (1774-1854): Նոր հրատարակուած հատորի խմբագրական կազմին մաս կը կազմեն Մխիթարեան միաբաններ՝ Հ. Վահան Վարդապետ Օհանեան, Հ. Սերոբ Վարդապետ Չամուրլեան եւ Հ. Գէորգ Սարգիսեան։ Հաւաքական աշխատանքի արդիւնքին հնարաւոր դարձած է տասներկու լեզու աւելցնել եւ յիսունի հասցնել թարգմանութիւնները, իսկ եղածներն ալ վերատեսութեան ենթարկել եւ այժմէացնել։

Նոր լեզուներն են՝ ալպաներէն, էուէ, թակալոկ, խրուաթերէն, ճաբոներէն, չեխերէն, սպիտակռուսերէն, սլաւոներէն, ուքրաներէն, քաթալոներէն, քիրունտի եւ հարաւային քորէերէն։

Վերանայուած եւ ընդլայնուած այս հատորի շնորհանդէսը կատարուած է 21 հոկտեմբեր 2023-ին՝ Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի վանքէն ներս՝ Շնորհալի Հայրապետին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի ընթացքին։

Մխիթարեան միաբանութիւնը այս արժէքաւոր հրատարակութիւնը ձօնած է աստուածասէր համայն ազգերուն։

Ինչպէս յայտնի է՝ 2021 թուականին ԻՒՆԷՍՔՕ-ն Փարիզի մէջ կայացած գլխաւոր համաժողովի 41-րդ նստաշրջանին ընթացքին, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին մահուան 850-րդ տարելիցը ընդգրկած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու օրացոյցին մէջ՝ 2022-2023 երկամեակին համար:

Այս տարի Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցի առթիւ Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ տեղի ունեցած են միջազգային գիտաժողովներ, թողարկուած են դրոշմաթուղթեր, կատարուած են այլ ձեռնարկներ եւ տակաւին կը շարունակուին առիթին նուիրուած միջոցառումները:

Հայաստանի մէջ թողարկուած դրոշմաթուղթին վրայ նշում կայ Շնորհալիի վախճանման այս խոշոր տարելիցը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի օրացոյցին մէջ ընդգրկուած ըլլալու մասին, ինչպէս նաեւ պատկերուած է Հռոմկլայ բերդաքաղաքին տեսարանը: Ըստ պատմական փաստաթուղթերու, Ներսէս Շնորհալին վախճանած է 1173-ին եւ թաղուած Հռոմկլայ ամրոցին մէջ։

Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-րդ տարելիցին նուիրուած յատուկ դրոշմաթուղթ եւ գեղաթերթիկ մըն ալ լոյս տեսած է Վատիկանի նամակատունէն:

Դրոշմաթուղթը ունի 1.30 եւրոյի արժէք եւ կը պատկերէ 1944-ին իտալացի Մարիօ Պարպերիսի կողմէ Սուրբ Ներսէս Հայրապետի նկարին վերարտադրութիւնը, որ պահպանուած է Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանին մէջ։ Վատիկանը Հայ Եկեղեցւոյ հետ միասին այսպէսով յիշատակած է Հայ Եկեղեցւոյ ու համայն քրիստոնէութեան երեւելի դէմքերէն մէկուն մահուան 850-րդ տարելիցը, որու գրական ժառանգութիւնը չափազանց հարուստ, բազմաժանր ու բազմաբովանդակ է եւ մեզի հասած է գրեթէ անկորուստ: Շնորհալին գրած է արձակ (ճառեր, թուղթեր, մեկնութիւններ) եւ առաւելապէս՝ չափածոյ (տաղեր, բանքեր, շարականներ, հանելուկներ, քերթուածներ եւ այլն) երկեր:

Մասնագէտներ Շնորհալիի արձակի պսակը կը նկատեն «Թուղթ ընդհանրական»ը, որ նորընտիր կաթողիկոսի անդրանիկ կոնդակն էր՝ ուղղուած հայ ժողովուրդին: «Թուղթ ընդհանրական»ը ժամանակի Հայ Եկեղեցւոյ, հոգեւորականութեան, աշխարհիկ խաւերու կենցաղի ու բարքերու հայելին է, պատմական արժէքաւոր վաւերագիր ու գրական երկ:

Շնորհալին հայ քնարերգութեան մէջ առաջին չափածոյ պատմութեան, պատմահայրենասիրական ողբի, տիեզերական քերթուածի, չափածոյ ներբողեանի, ուղերձի ու մաղթանքի հեղինակն է: Ան նաեւ մեր առաջին մանկագիրն է, մանկավարժական-ուսուցողական բանաստեղծութեան հիմնադիրը:

Գրած է չափածոյ խրատներու երկու շարք՝ անձնաւորելով հայոց այբուբենի տառերը, ինչպէս նաեւ աւելի քան 300 չափածոյ հանելուկ-առակներ՝ դառնալով հանելուկի՝ որպէս գրական զատ ժանրի ստեղծողը հայ գրականութեան մէջ: Շնորհալին ամենամեծ շարականագիրն է:

Անոր հեղինակած հարիւրաւոր օրհներգները հարստացուցած են Հայ Եկեղեցւոյ պատարագներու եւ ժամերգութիւններու երգասացութիւնները, կատարելագործած է հոգեւոր երգերու եղանակները, բարեկարգած եւ ճոխացուցած եկեղեցական պաշտօներգութիւնը: Հայ Եկեղեցին զայն դասած է սուրբերու շարքին, սահմանած է «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը եւ բազում առիթներով պատուած է մեր ամենամեծերէն մէկը: Անոր յիշատակը մեր եկեղեցին կը նշէ Թարգմանչաց տօնին։ Շնորհալի պատուանունէն զատ հայ միջնադարեան այս ակնառու գործիչը ստացած է նաեւ ուրիշ բնորոշումներ, որոնցմէ է «Երգեցող» պատուանունը:

Հայ շարականագրութեան մէջ Ներսէս Շնորհալիէն զատ նաեւ Գրիգոր Է. Անաւարզեցին (դարձեալ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս) արժանացած է «Երգեցող» պատուանունին, որ կը տրուի երաժշտութեան մէջ ունեցած երեւելի դերին համար:

Հռոմկլայի մէջ ծնած ըլլալուն համար Շնորհալին կը յորջորջուի նաեւ Ներսէս Կլայեցի, իսկ միւս պատուանունները, որոնք տրուած են անոր, իրաւամբ կը վկայեն այն մեծ դերին եւ ներդրման մասին, որ միջնադարեան այս գործիչը ունեցած է հայոց եւ համաշխարհային պատմութեան մէջ: Ան մեծարուած է իբրեւ «Երկրորդ Լուսաւորիչ հայոց», «Եռամեծ վարդապետ», «Երանաշնորհ սուրբ», «Տիեզերալոյս վարդապետ», «Համահրեշտակ» եւ այլ անուններով: Եւ այս բնորոշումները պատահական չեն: Նախ իր ապրած եւ գործած ժամանակաշրջանը եղած է հայոց պատմութեան խառն ու վերիվայրումներով ակնառու ժամանակաշրջան մը եւ Շնորհալիին ստեղծագործութեան առանցքը հայրենասիրական մղումներն ու գաղափարներն էին, իսկ հայրենիքի ազատումը՝ առաջնահերթ հարց էր հայոց հայրապետին համար:

Պատմութեան մէջ ան կը վկայուի իբրեւ առաքինազարդ վարքով, սրբակեացութեամբ հոգեւորական մը, որ միջեկեղեցական ճանաչում եւ համբաւ վայելած է իր բացառիկ գիտականութեան շնորհիւ: Շնորհալին նկատուած է աւետարանական ոգիով եկեղեցիներու միութեան եւ համագործակցութեան ջատագով եւ այդպէսով տեղ գրաւած՝ համաքրիստոնէական մտքի եւ մշակոյթի պատմութեան մէջ: Ուրիշ ազգերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ յոյները, ասորիները եւ հռոմէացիները, Շնորհալին նմանցուցած են 3-5-րդ դարերու եկեղեցւոյ մեծ հայրերուն, անոր համբաւը տարածուած է բազմաթիւ ազգերու մէջ: Նոյն յունական եւ ասորական աղբիւրները զինք կոչած են «Նոր Գրիգոր Աստուածաբան»: Շնորհալին մեծարուած է տակաւին իր կենդանութեան օրօք, իսկ մահէն ետք իր շիրիմը դարձած է ուխտատեղի: Անոր մահը սգացած են բիւզանդական արքունիքը եւ ողջ քրիստոնեայ աշխարհը:

Իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Ներսէս Դ. Կլայեցին յաջորդած է իր աւագ եղբօր՝ Գրիգոր Գ. Պահլաւունիին: Անոնք եղած են Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունիի ծոռները, իշխան Ապիրատ Պահլաւունիի որդիները եւ Գրիգոր Բ. Վկայասէրի քրոջ թոռները: Ներսէս Շնորհալին մեծցած է Գրիգոր Բ. Վկայասէրի, այնուհետեւ Բարսեղ Ա. Անեցիի խնամքին տակ, հիմնաւոր կրթութիւն ստացած է Քեսունի մօտ գտնուող Շուղրի Կարմիր վանքի դպրոցէն ներս՝ աշակերտելով Ստեփանոս Մանուկ Եպիսկոպոսին: Տասնվեց տարեկանին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ եւ վերանուանուած՝ Ներսէս, բայց թէ ի՛նչ եղած է աւազանի անունը, տեղեկութիւններ չկան:

Մինչեւ կաթողիկոս դառնալը եղած է Գրիգոր Գ. Պահլաւունիի օգնականն ու խորհրդատուն: 1116 թուականէն սկսեալ ապրած եւ ստեղծագործած է Կոմմակէնի Տլուք գաւառի Ծովք դղեակին մէջ, իսկ 1150 թուականէն սկսեալ՝ Հռոմկլայ: Այդ մէկը պայմանաւորուած է պատմական հանգամանքներով՝ կաթողիկոսական աթոռը Ծովք, այնուհետեւ Հռոմկլայ տեղափոխութիւններով:

Ներսէս Շնորհալին եւ Գրիգոր Գ. Պահլաւունին մտադիր էին Հայրապետական Աթոռը փոխադրել բուն Հայաստան՝ Անի, եւ վերականգնել հայական իշխանութիւնը Անիի մէջ: Սակայն Հայաստանի ծանր քաղաքական պայմանները չեն արտօնած իրագործել այդ ծրագիրը եւ երկու եղբայրները Հայրապետական Աթոռը Ծովքէն տեղափոխած են Հռոմկլայ եւ Հռոմկլայի հայոց կաթողիկոսարանին մէջ ալ ծաւալած է Ներսէս Շնորհալիի հովուական-եկեղեցական, մշակութային, մատենագրական եւ մանկավարժական հարուստ գործունէութիւնը:

Իր կաթողիկոսութեան տարիներուն Շնորհալի սերտ կապեր ունեցած է Հայաստանի բոլոր նշանաւոր վանքերուն եւ արեւելեան վարդապետներուն հետ, թղթակցած անոնց հետ եւ այդ նամակագրութեան ընթացքին քննարկուած են դաւանական, եկեղեցական, ազգային, գրական ու գիտական բազում խնդիրներ: Վկայութիւնները բազում են այն մասին, որ որպէս մեծ հեղինակութիւն վայելող անձնաւորութիւն զինք ղրկած են կարգ մը հաշտեցումներու, ինչպէս հաշտեցումը 1164 թուականին Կիլիկեան Հայաստանի երկու հայ իշխաններուն՝ Թորոս Բ. Ռուբինեանին եւ Լամբրոնի բերդի տէր Օշին Բ. Հեթումեանին:

1141 թուականին ան կաթողիկոս եղբօր հետ մասնակցած է Անտիոքի ժողովին, որ գումարուած էր Անտիոքի Ռուտոլֆ լատին պատրիարքի գործունէութիւնը քննելու համար, նաեւ հաստատումներ կան, որ այդ ժողովէն սկսած են հայ-կաթոլիկ եկեղեցական յարաբերութիւնները:

Համաքրիստոնէական չափանիշով մեծ մատենագիր նկատուող Շնորհալիի մատենագրական ժառանգութեան բազմիցս անդրադարձ կատարուած է, այդ մէկը նաեւ այն պատճառով, որ այդ ժառանգութիւնը գրեթէ անկորուստ հասած է մեզի:

«ՀԱՒԱՏՈՎ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՄ»

Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքին մէջ միահիւսուած են աստուածաշնչական, ծիսական եւ աստուածաբանական նշումները, այս աղօթքը դարեր շարունակ եղած է հայ ժողովուրդի աղօթքի ուղեցոյցը։

24 տուներէ կազմուած (օրուան 24 ժամերու համեմատ) սրտառուչ աղօթքը կը բովանդակէ աղօթքի բոլոր տեսակները (դաւանական, զղջական, պաղատական, խոստովանական եւ այլն): Հեղինակը զայն անուանած է «Քրիստոսին հաւատացող իւրաքանչիւր անձի աղօթք»: Գրուած է արձակ, բայց հոգեւոր ապրումներու, յոյզերու հարստութեամբ եւ ներքին կշռոյթով ազատ բանաստեղծութիւն է:

1․ Հաւատքով կը խոստովանիմ եւ կ՚երկրպագեմ քեզի՝ Հայր եւ Որդի եւ Սուրբ Հոգի, անեղ եւ անմահ բնութիւն, արարիչը հրեշտակներուն, մարդոց եւ բոլոր ստեղծուածներուն. ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

2․ Հաւատքով կը խոստովանիմ եւ կ՚երկրպագեմ քեզի, անբաժանելի լոյս, միասնական Սուրբ Երրորդութիւն եւ մէկ Աստուածութիւն, արարիչը լոյսին եւ հալածիչը խաւարին. իմ հոգիէս հալածէ՛ մեղքի եւ անգիտութեան խաւարը, եւ լուսաւորէ՛ միտքս, որ այս պահուս քեզի հաճելի ձեւով աղօթեմ եւ քեզմէ ընդունիմ իմ խնդրանքներս. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

3․ Հայր երկնաւոր, ճշմարիտ Աստուած, որ քու սիրելի Որդիդ ղրկեցիր՝ մոլորեալ ոչխարը փնտռելու համար. մեղանչեցի երկինքի դէմ՝ քու առջեւդ. ընդունէ՛ զիս իբրեւ անառակ որդին, եւ հագցո՛ւր ինծի առաջին պատմուճանը, զոր վրայէս հանեցի մեղքերովս. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

4․ Որդի Աստուծոյ, ճշմարիտ Աստուած, որ հայրական ծոցէն խոնարհեցար եւ մարմին առիր սուրբ կոյս Մարիամէն՝ մեր փրկութեան համար. խաչուեցար, թաղուեցար, յարութիւն առիր մեռելներէն, եւ փառքով համբարձար՝ Հօրը քով. մեղանչեցի երկինքի դէմ՝ քու առջեւդ. երբ քու թագաւորութեամբդ գաս, յիշէ՛ զիս, ինչպէս աւազակը ընդունեցիր. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

5․ Հոգի Աստուծոյ, ճշմարիտ Աստուած, որ Յորդանան եւ Վերնատունը իջար, եւ զիս լուսաւորեցիր սուրբ Աւազանին մկրտութեամբ. մեղանչեցի երկինքի դէմ՝ քու առջեւդ. վերստի՛ն մաքրէ զիս քու աստուածային կրակովդ, ինչպէս հրեղէն լեզուներով մաքրեցիր սուրբ առաքեալները. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

6․ Անեղ բնութիւն, մեղանչեցի քեզի դէմ՝ մտքովս, հոգիովս եւ մարմնովս. մի՛ յիշեր իմ առաջուան մեղքերս՝ քու սուրբ անունիդ համար. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

7․ Ամենատես Աստուած, մեղանչեցի քեզի դէմ՝ մտածումով, խօսքով եւ գործով. ջնջէ՛ իմ յանցանքներուս մուրհակը, եւ Կեանքի Գիրքին մէջ գրէ անունս. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

8․Գաղտնիքները քննող, մեղք գործեցի քեզի դէմ՝ կամայ եւ ակամայ, գիտակցաբար եւ անգիտակցաբար. թողութի՛ւն շնորհէ մեղաւորիս, որովհետեւ սուրբ Աւազանէն ծնելէս մինչեւ այսօր մեղք գործած եմ քու Աստուածութեանդ առջեւ՝ զգայարանքներովս եւ մարմնիս բոլոր անդամներով. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

9․ Բոլորը խնամող Տէր, քու սուրբ երկիւղդ պահապա՛ն դիր աչքերուս՝ որ այլեւս անառակ ու ցանկացող աչքով չնայիմ, եւ ականջներուս՝ որ ախորժ չզգամ չար խօսքեր լսելէ, եւ բերանիս՝ որ ստութիւն չխօսիմ, եւ սրտիս՝ որ չարութիւն չխորհիմ, եւ ձեռքերուս՝ որ անիրաւութիւն չգործեմ, եւ ոտքերուս՝ որ անօրէնութեան ճամբաներէն չքալեմ. այլ ուղղէ՛ասոնց շարժումը, որպէս զի միշտ քու պատուիրաններուդ համաձայն ըլլան՝ ամէն բանի մէջ. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

10․ Դուն՝ կենդանի կրա՛կ, Քրիստոս, իմ սրտիս մէջ բորբոքէ՛ քու սիրոյդ կրակը, որ այս աշխարհը ձգեցիր, որպէսզի այրէ հոգիիս աղտերը, սրբէ խղճմտանքս եւ մաքրէ մարմինիս մեղքերը, եւ սրտիս մէջ քու գիտութեանդ լոյսը վառէ. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

11․ Դուն՝ Հօրը իմաստութիւնը՝ Յիսուս, իմաստութի՛ւն տուր ինծի՝ որ բարի բաներ խորհիմ, խօսիմ եւ գործեմ քու առջեւդ՝ ամէն ժամ. չար խորհուրդներէ, խօսքերէ եւ գործերէ փրկէ՛ զիս. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

12․ Բարիք կամեցող, կամքերը կատարող Տէր, մի՛ թողուր որ ես իմ կամքիս համաձայն ընթանամ, այլ առաջնորդէ՛ զիս՝ որ միշտ քու բարեսէր կամքիդ համաձայն ապրիմ. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

13․ Երկնաւոր թագաւոր, տո՛ւր ինծի քու արքայութիւնդ՝ զոր քեզ սիրողներուն խոստացար. եւ զօրացո՛ւր իմ սիրտս՝ որպէսզի մեղքը ատեմ եւ միայն քե՛զ սիրեմ եւ քու կամքդ կատարեմ. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

14․ Արարածները խնամո՛ղ, քու խաչիդ նշանովը հեռո՛ւ պահէ հոգիս եւ մարմինս՝ մեղքի խաբկանքներէն, դեւերու փորձութիւններէն, անիրաւ մարդերէն եւ հոգիի ու մարմինի ամէն տեսակի վտանգներէն. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

15․ Դուն, որ բոլորին պահապանն ես, Քրիստոս, քու աջդ թող հովանի՛ ըլլայ իմ վրաս՝ գիշեր ու ցերեկ, տան մէջ նստած ատենս թէ ճամբան գացած ատենս, քնացած թէ արթնցած ատենս, որպէսզի երբե՛ք չսասանիմ. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

16․ Աստուած իմ, որ ձեռքդ կը բանաս եւ բոլոր արարածներդ կը լիացնես քու ողորմութեամբդ. ինքզինքս քեզի՛ կը յանձնեմ. դո՛ւն հոգա եւ պատրաստէ հոգիիս եւ մարմնիս բոլոր պէտքերը, այսօրուընէ մինչեւ յաւիտեան. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

17․ Մոլորեալները դարձի բերող, դարձո՛ւր զիս իմ չար սովորութիւններէս դէպի բարի սովորութիւն, եւ իմ հոգիիս մէջ բեւեռէ մահուան սոսկալի օրը, դժոխքի սարսափը եւ արքայութեան սէրը, որպէսզի զղջամ իմ մեղքերուս համար եւ արդարութիւն գործեմ. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

18․ Անմահութեան աղբիւր, ապաշխարութեան արցունքնե՛ր հոսեցուր սրտէս, ինչպէս պոռնիկին, որպէսզի այս աշխարհէն դեռ չելած՝ լուամ իմ մեղքերս. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

19․ Ողորմութիւն պարգեւո՛ղ, շնորհէ՛ ինծի, որ ուղղափառ հաւատքով, բարի գործերով ու սուրբ Մարմինդ եւ Արիւնդ ճաշակած գամ քովդ. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

20․ Բարերար Տէ՛ր, բարի հրեշտակի՛ մը յանձնէ զիս, որպէսզի խաղաղ կերպով անոր աւանդեմ հոգիս եւ անխռով անցնիմ երկինքին տակ գտնուող չար դեւերուն ընդմէջէն. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

21․ Դուն՝ ճշմարիտ լո՛յս, Քրիստոս, շնորհէ՛ հոգիիս՝ որ կանչուելու օրը ուրախութեամբ տեսնէ քու փառքիդ լոյսը, եւ արդարներու օթեւանին մէջ բարիքներու յոյսովը հանգչի՝ մինչեւ քու մեծ գալստեանդ օրը. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

22․ Արդար Դատաւոր, երբ Հօրդ փառքով գաս՝ ողջերն ու մեռելները դատելու, դատաստանի մի՛ մտներ քու ծառայիդ հետ, այլ փրկէ՛ զիս յաւիտենական կրակէն, եւ երկինքի արքայութեանդ մէջ ինծի լսել տուր արդարներուն ուղղուած երանաւէտ կոչը. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

23․ Ամենողորմ Տէր, ողորմէ՛ բոլոր քեզի հաւատացողներուն, ազգակիցներուս եւ օտարներուն, ծանօթներուս եւ անծանօթներուն, ողջերուն եւ մեռելներուն. թողութի՛ւն շնորհէ նաեւ թշնամիներուս եւ զիս ատողներուն՝ ինծի դէմ ունեցած իրենց յանցանքներուն համար, եւ դարձո՛ւր զանոնք իմ մասիս իրենց խորհած չարիքներէն, որպէսզի քու ողորմութեանդ արժանի ըլլան. եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս:

24․ Փառաւորեալ Տէր, ընդունէ՛ քու ծառայիդ աղաչանքը, եւ դէպի բարին կատարէ իմ խնդրանքներս, բարեխօսութեամբը Սրբուհի Աստուածածնին, եւ Յովհաննէս Մկրտիչին եւ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկային, եւ մեր Լուսաւորչին՝ Սուրբ Գրիգորի, եւ սուրբ առաքեալներուն, մարգարէներուն, վարդապետներուն, մարտիրոսներուն, հայրապետներուն, ճգնաւորներուն, կոյսերուն, մենակեացներուն, եւ երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ գտնուող քու բոլոր սուրբերուդ: Եւ քեզի՝ անբաժանելի Սուրբ Երրորդութեանդ՝ փա՜ռք եւ երկրպագութիւն յաւիտեանէ մինչեւ յաւիտեան: Ամէն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

http://www.jamanak.com/content/ընկերա-մշակութային/31-10-2023-համաշխարհային-հոգեւոր-գրականութեան-գոհարներէն-«հաւատով

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın