Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 31 Հոկտեմբեր 2023, Երեքշաբթի, ընդունեց Էրիթրէի Եկեղեցւոյ Եւրոպայի առաջնորդ Գերշ. Ապունա Փաուլոս Եպիսկոպոսը, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Զէրիսենայ Աւ. Քհնյ.ի եւ պատուիրակութեան մը։
Էրիթրէի Եկեղեցին Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքին մաս կազմելով, դաւանակից է Հայ Եկեղեցւոյ։ Այսօր, քաղաքիս մէջ կը բնակին Էրիթրէի Եկեղեցւոյ անդամ աւելի քան 400 հաւատացեալներ։
Գերշ. Ապունա Փաուլոս Եպիսկոպոսը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց մեր Հոգեւոր Պետին, որ Հայ Եկեղեցին Էրիթրէական եկեղեցիի չգոյութեան պարագային բարի եղած իր դռները բանալ իրենց հաւատացեալներուն պաշտամունքի համար։ Անոնք կ’օգտագործէին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ համալիրի Ս. Յարութիւն մատուռը՝ Եթովպացի հաւատացեալներուն հետ։ Այժմ, երբ երկու եկեղեցիներու հաւատացեալներուն համար անբաւարար գալու սկսած է յիշեալ մատուռը, Գերշ. Ապունա Փաուլոս Եպիսկոպոսը յայտնեց, թէ կը ծրագրեն ի մօտոյ քահանայ մը ուղարկել Ստանպուլաբնակ հաւատացեալներուն համար եւ կը խնդրէին մեր եկեղեցիներէն միոյն պաշտամունքի համար գործածութիւնը՝ առանց արգելք հանդիսանալու Հայ եկեղեցւոյ պաշտամունքին։
Պատրիարք Հայրը լսելով պատուիրակութեան խնդրանքը, յայտնեց որ յետ խորհրդակցութեան, պատեհ ժամանակին կ’առաջարկուի մեր եկեղեցիներէն միոյն անունը։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ Աստուածային օրհնութիւն հայցեց այն բոլոր գործունէութեանց համար, որոնք կը ձգտին Եկեղեցւոյ պայծառութեան ու բարգաւաճման։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun