Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 30 Հոկտեմբեր 2023, Երկուշաբթի, ընդունեց Մալաթիոյ Հայրենակցական Մութեան (Մալաթիա ՀայՏէր) վարչութեան անդամները, առաջնորդութեամբ Միութեան Խորհրդական Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Քօփարեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ Կարապետ Օրունէօզի։
Այցելուները զանազան նիւթերու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին։ Ասոնցմէ առաջինը առընչուած էր երկրաշարժէն աւերուած կառոյցներու շինարարական աշխատանքներու հետ, որոնք ըստ ծրագրի կ’ընթանային։ Տեղեկութիւններ տուին նաեւ Միութեան գործունէութեան, ելմտական վիճակին եւ ծրագիրներուն մասին։ Ապա յայտնեցին, որ այս տարի միութեան կազմութեան 13րդ տարեդարձն էր եւ որոշած էին այս հանգրուանը նշել աւանդական ընթրիքով մը։ Յառաջիկայ 18 Նոյեմբերին կատարելի տարեդարձի սեղանին համար խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։
Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, գնահատեց Միութեան կատարած բոլոր աշխատանքները, յատկապէս շինարարական գետնի վրայ արձանագրուած յաջողութիւնները։ Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայրենակցական Միութեան 13ամեակի ճաշկերոյթի հրաւէրին համար եւ ընդգծեց նման միութեանց կարեւորութիւնը համայնքային կեանքէն ներս։ Նորին Ամենապատուութիւնը խորհուրդներ տուաւ հիւրերուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ապագայի ծրագիրներուն մասին։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun