İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՍԻՆՈԴԻ 16ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻՆ

Վատիկան նիւզ.- 5 Հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ իր աշխատանքներուն ձեռնարկած է Եպիսկոպոսներու սինոդի 16-րդ ընդհանուր վեհաժողովի առաջին նիստը, որուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ մասնակցած է Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Այս առաջին նախաձեռնութիւնը պիտի աւարտի 29 Հոկտեմբերին, իսկ երկրորդ նիստը պիտի գումարուի 2024ին։

Այս տարի առաջին անգամ վեհաժողովին կը մասնակցին ո՛չ միայն եպիսկոպոսներ, այլ նաեւ աշխարհիկ մարդիկ՝ այրեր եւ կիներ։ Վեհաժողովի երեք առաջնահերթ թեմաներն են՝ «Հաղորդութիւն, Մասնակցութիւն եւ Առաքելութիւն»։

Եպիսկոպոսներու սինոդին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ կը մասնակցի Խաժակ Սրբազան։ 15 Հոկտեմբերին, Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի աւարտին Ֆրանսիսքօ Ա. Պապը յայտնած էր իր մտահոգութիւնը Արցախի մասին։

Եպիսկոպոսներու սինոդի 16-րդ ընդհանուր վեհաժողովի մասնակիցները նամակ ուղղած են քրիստոնեայ աշխարհին շնորհակալութիւն յայտնելով նման փորձառութեան համար եւ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած վերջին շաբաթներու աշխատանքներէն. «Իր խորաթափանցութեան մէջ առաջդիմելու համար Եկեղեցին պէտք է լսէ բոլորին անխտիր՝ սկսելով ամենաաղքատներէն։ Ասիկա կը նշանակէ, որ ականջալուր պէտք է ըլլալ այն մարդոց, որոնք հասարակութեան մէջ զրկուած են խօսելու իրաւունքէն կամ՝ իրենք զիրենք մեկուսացած կը զգան նոյնիսկ Եկեղեցւոյ կողմէ»։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/271023lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın