Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 25 Հոկտեմբեր 2023, Չորեքշաբթի, ընդունեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան անդամները, առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Մկրտիչ Արծիւեանի։
Վարիչները յայտնեցին, որ այս այցելութեամբ եկած էին խնդրել Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան հանդիսութեան, որ պիտի կատարուի 12 Նոյեմբեր, Կիրակի առաւօտ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը խոստացաւ ընդառաջել եղած հրաւէրին, նաեւ ստացաւ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանի հետ առընչուած տեղեկութիւններ եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց արձանագրուած յաջողութեանց եւ ձեռքբերումներուն համար։ Ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն ու կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun