Երէկ, համայնքային պատուիրակութիւն մը այցելեց մայրաքաղաք Անգարա, ուր քննարկուեցան պոլսահայ վարժարաններու ցանցի առկայ նիւթական խնդիրները։ Այսպէս, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեան (Թրքահայ վաքըֆներու միութեան Կրթական յանձնախումբի ատենապետ), Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մարի Եանճը եւ Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Թալին Կազէր։ Այս վերջիններուն միացաւ նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Համայնքային ներկայացուցիչները մայրաքաղաքին մէջ տեսակցեցան ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի եւ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան փոխ-նախագահ Ապտիւլհամիտ Կիւլի հետ։
Աքսել Թոփալեան եւ Մանուկ Էօղէր այս այցելութեան կապակցութեամբ մեզի փոխանցեցին հակիրճ տեղեկութիւններ։ Այսպէս, համայնքային վարիչները դիտել տուին, որ պոլսահայ վարժարաններու պարագային նիւթական մեծ դժուարութիւններ խնդրոյ առարկայ են։ Անոնք նշեցին, որ համայնքային շրջանակներէն ներս սպասումներ գոյութիւն ունին, որպէսզի պետութիւնը մասնակցի այդ նիւթական կարիքներու թեթեւացման կամ մեր վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութիւնը երաշխաւորելու համար շինարարական ծախսերու դիմագրաւման։ Իսկ եթէ նիւթական այս ուղղակի ներդրումներու պարագային անկարելիութիւններ խնդրոյ առարկայ ըլլան, ապա համայնքապատկան կարգ մը կալուածներու արժեւորման ընթացակարգերը արագացուին, որպէսզի ապահովուելիք յաւելեալ եկամուտները յատկացուին կրթական ծախսերուն։
Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ այս վարկածներու առանցքին շուրջ ծաւալուեցան դրական քննարկումներ։ Կարծիքի անկեղծ փոխանակումներ տեղի ունեցան, ինչ որ յոյս ներշնչեց, թէ յառաջիկայ շրջանին շինիչ արդիւնքներ կրնան ապահովուիլ։ Թէ՛ Աքսել Թոփալեան եւ թէ Մանուկ Էօղէր մեզի յայտնեցին, որ մասնաւորապէս ազգային կրթութեան նախարարին մօտ նկատելի էր զգայնութիւնը՝ թրքահայ համայնքի փոքրամասնական վարժարաններու խնդիրներէն ուշադրութիւն չզլանալու առումով։ Ուստի, համայնքային վարիչները մայրաքաղաքէն վերադարձած են լաւ տպաւորութիւններով։
İlk yorum yapan siz olun