İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՎԱՐԻՉՆԵՐ՝ ԿՐԹԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՄՕՏ

Գաղտնիք չէ որ երկրի տնտեսական վիճակը, թանկացումները, սղաճը մեծ խնդիրներ ստեղծած են համայնքային մեր կեանքէն ներս։ Յատկապէ՛ս դժուար է գործը այն վարիչներուն, որոնք վարժարաններ կը ղեկավարեն, իսկ ծախսերը բազմապատկուած են։

ԷՐՎԱՊ-ի վերջին ժողովի ընթացքին այդ հարթակի շրջագծով կազմուած կրթական յանձնախումբը, Պէյօղլուի եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Աքսէլ Թօփալեանի գլխաւորութեամբ, ուսումնասիրութիւններ կատարած էր, ճշդելով այն գումարը, որուն ընդհանուր առմամբ պէտք ունէին մեր վարժարանները՝ միասնաբար։ Գումարի չափը կը հասնէր մօտաւորապէս 85 միլիոն լիրայի։

Հայկական վարժարաններու նիւթական խնդիրներու մասին պատկան մարմիններու հետ քննարկումներ կատարելու եւ լուծումներ գտնելու առաջադրութեամբ, Աքսէլ Թօփալեանի նախաձեռնութեամբ, Ա-Գէ-Փէցի հայ երեսփոխան, Տօքթ. Սեւան Սվաճըօղլու Անգարայի մէջ հանդիպում մը կազմակերպեց Կրթական Նախարար Եուսուֆ Թէքինի հետ։ Նախընթաց օր երեկոյեան ուշ ժամերուն յայտնի դարձաւ հանդիպման մասին եւ համայնքէն չորս վարչայիններ, երէկ առտու կանուխ մեկնեցան Անգարա։

Այսպէս՝ Աքսէլ Թօփալեանի հետ միասին Անգարա մեկնեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Պաքըրգիւղի Ծ. Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետուհի Մարի Եանճը եւ Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի Մատակարար Մարմնի Բ. Ատենապետուհի՝ Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր։ Հանդիպումը կայացաւ Խորհրդարանի շրջափակէն ներս։ Կրթական Նախարար Եուսուֆ Թէքին պատուիրակութիւնը ընդունեց իր աշխատասենեակին մէջ։ Հոն անոնց միացաւ նաեւ Սեւան Սվաճըօղլու։

Աքսէլ Թօփալեան օրակարգի նիւթ դարձուց մեր վարժարաններու ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւնները։ Ամփոփ տողերով անդրադարձաւ նիւթական ահռելի ծախսերուն, որոնց տակ կքած են Թաղային Խորհուրդները։ Նոյն հարցերու մասին արտայայտուեցան նաեւ պատուիրակութեան միւս անդամները։

Նախարար Թեքին խոստացաւ անպայման ընթացք տալ վարիչներու խնդրանքին եւ ձեւաչափ մը գտնել օգնութեան համար։ Հանդիպումը շինիչ մթնոլորտի մէջ շարունակուեցաւ առաջարկներով եւ կարծիքներու փոխանակումով։ Եուսուֆ Թեքին յիշեցուց որ քանի մը տարի առաջ աջակցութեան ծրագիր մը կը գործադրուէր, բայց այժմ այդ ձեւաչափը չի գործեր, անկարելի է դարձեալ կեանքի կոչել այդ ծրագիրը, բայց պիտի մտածէին տարբեր նախագծի մը մասին։

Նախարար Թեքին ընդգծեց որ Հանրապետութեան Նախագահն ալ տեղեակ է հանդիպումէն եւ վճռակամութեամբ հրահանգած է որ օգնութեան ձեւ մը գտնուի։ Եուսուֆ Թեքին մօտիկ ապագային Իսթանպուլ պիտի այցելէ եւ տեղւոյն վրայ, վարիչներուն հետ աւելի համապարփակ քննարկումներով, ձեռք պիտի առնէ այս կարեւոր հարցը։ «Չենք կրնար ջուրը, ելեկտրականութիւնը կամ բնական կազը ձրիաբար տրամադրել ձեր դպրոցներուն, այդ պարագային մասնաւոր միւս կրթօճախներն ալ նո՛յնը պիտի պահանջեն, բայց անպայման ձեւ մը պիտի գտնենք», ըսաւ Նախարարը։

Պր. Մանուկ Էօղէր կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ մեր դպրոցներու շէնքերը հաւանական երկրաշարժներու դէմ ամրացնելու խնդրին, ըսելով որ այդ աշխատանքն ալ բազմածախս է եւ յաւելեալ խնդիրներ ստեղծած է վարիչներուն համար։

Շահեկան հանդիպման աւարտին որոշուեցաւ քննարկումները շարունակել Իսթանպուլի մէջ, աւելի լայն շրջանակով եւ դարձեալ Նախարարի մասնակցութեամբ։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/261023lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın