22 Հոկտեմբերին Ամսթերտամի Ս. Հոգի հայ առաքելական եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ խաչքարի օծում։ Խաչքարը նուիրուած է արցախեան 44օրեայ պատերազմի զոհեալներու յիշատակին։ Օծումը կատարեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական նուիրակ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Ներկայ էին Նիտերլանտներու թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Վիքթոր Պիյակով, ինչպէս նաեւ զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներ։ Խաչքարը զետեղուած է Արմէն Աւանէսովի բարերարութեամբ, հեղինակն է հայաստանաբնակ Արտակ Համբարձումեան։
Օծման արարողութեան աւարտին Խաժակ Սրբազան իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։ Ըսաւ որ խաչքարը օծուելով վերածուեցաւ խաչի, որուն առջեւ հաւատացեալներ պէտք է շարունակեն աղօթել, աղօթել, որպէսզի անոնք որոնք անցեալի մէջ եւ ներկայիս իրենց կեանքը զոհեցին ու կը զոհեն հայրենիքի համար, անմահանան։ «Միասնաբար, այս խաչքարի առջեւ պէտք է աղօթենք հայրենիքի միասնութեան, Սփիւռքի միասնութեան համար», ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Դեսպան Պիյակով նոյնպէս շեշտեց միասնութեան կարեւորութիւնը եւ միասնութեան մէջ տեսաւ ժողովուրդի ոյժը։
Միջոցառման գեղարուեստական յայտագրի գծով ելոյթ ունեցան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցներու սաները, նաեւ «Արմենիա» երաժշտական կեդրոնի երաժիշտները։
İlk yorum yapan siz olun