Երէկ Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ՝ Գերշ. Ժոզէ Աւելինօ Պէթանքուր Արքեպիսկոպոսը։ Առիթ կար այս այցելութեան համար։ Պապական նուիրակը, որուն առաքելութեան ժամկէտը աւարտին հասած է Հայաստանի մէջ, թէ՛ հրաժեշտի համար է որ այցելեց Վարչապետին, թէ՛ շքանշան մը յանձնելու համար։ Արդարեւ, Հռոմի Քահանայապետի կողմէ Նիկոլ Փաշինեանին շնորհուեցաւ ՍուրբԱթոռի բարձրագոյն պարգեւներէն մէկը՝ Պիոս 9րդ Պապի Ասպետական Մեծ Խաչ շքանշանը։
Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալուիւն յայտնեց բարձր գնահատանքի համար, ընդգծելով որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է հետեւողականօրէն զարգացնելու Սուրբ Աթոռի հետ կապերը։
İlk yorum yapan siz olun