İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ Պատրիարքարանի հովանաւորութեամբ ուսումնական այս տարեշրջանի ամբողջ տեւողութեան տեղի պիտի ունենայ երիտասարդաց փառատօն մը՝ Եր-փառատօն անունով։

Առաջին նախագիծը փառատեսիլ էր, այսինքն կարճ թատերակներով տեսաերիզներու փառատօն մը, որուն արդիւնքները ամփոփուեցան Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբերին, էրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։

Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները արձանագրեցին մեծ յաջողութիւն, առաջնութեան արժանանալով թէ՛ լիսէի բաժնի, թէ՛ միջնակարգի բաժնի դասաւորումներուն մէջ։

Այսպէս՝ լիկէոնի բաժնէն Կարէն Պետիկօղլուի, Արեգ Սիւզմէի եւ Արտա Արըքի կողմէ նկարահանուած տեսաերիզը լիսէի դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ։

Նոյնպէս միջնակարգի բաժնէն Սէսիլ Ռէիզեանի, Լիտա Աւրուզի եւ վարժարանի նախկին աշակերտներէն Արեգ Չաթաքի կողմէ պատրաստուած տեսաերիզը միջնակարգի դասաւորման մէջ արժանացաւ առաջնութեան մրցանակին։ Տեսաերիզները պատրաստուած էին հայերէնի ուսուցչուհիներ Լեռնա Եաղեազանի, Վերա Չըքընօղլուի եւ վարժարանի ընդհանուր համակարգող Արսէն Պ. Ալեքսանեանի հսկողութեան ներքեւ։

Կը շնորհաւորենք Մխիթարեանցի աշակերտները։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/241023lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın