Սիւնիքի մարզին մէջ, Տաթեւի վանական համալիրի մօտ կը գտնուի «Տաթեւեր» ճոպանուղին որ աշխարհին մէջ լաւագոյններէն մէկն է եւ ամէն տարի թեկնածու կը նկատուի զբօսաշրջութեան միջազգային մրցումի «Վորլտ Թրավըլ Օվըրթս» մէջ։ Այս տարի «Տաթեւեր»ը հերթական անգամ ներառնուած է աշխարհի առաջատար ճոպանուղի անուանակարգին մէջ։ «Տաթեւեր»ը 2021ին անգամ մը յաղթած էր։ Այժմ հայկական ճոպանուղին կը մրցի Պոլիվիոյ, Պրազիլի, Վիեթնամի, Գանատայի, Նոր Զելանտայի, Ամերիկայի ու Հարաւային Ափրիկէի ճոպանուղիներուն հետ։
Յիշեցնենք որ «Տաթեւեր»ը աշխարհի ամէնէն երկար մարդատար ճոպանուղին է։ Ան արձանագրուած ի Կինէսի մրցանիշներու գրքին մէջ ո՛չ միայն իր երկարութեան շնորհիւ որ 5752 մեթր է, այլ նաեւ որպէս միակ կառոյց, որ կառուցուած է 10 ամսուայ ընթացքին։
16 Հոկտեմբեր 2023ին «Տաթեւեր» ճոպանուղին նշեց իր գործունէութեան 13րդ տարին։ Ճոպանուղիէն մինչեւ այսօր օգտուած է աւելի քան 1 միլիոն 300 հազար անձ։ Ճոպանուղիի շնորհիւ Հայաստանի իւրաքանչիւր հինգերորդ զբօսաշրջիկ անպայման Սիւնիք եւ Տաթեւի վանական համալիր կ’այցելէ։ Այս ծրագիրը կ’իրականանայ Ռուբէն Վարդանեանի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի շրջագծով (Ռուբէն Վարդանեան այժմ բանտարկուած է Պաքուի մէջ)։
Ճոպանուղին շահ չ’ապահովեր, ան նախագիծ է որմէ ստացուած հասոյթը ամբողջութեամբ կը տրամադրուի Տաթեւի վանքը վերականգնելու եւ մերձակայ համայնքները զարգացնելու ծրագիրներուն։ Ճոպանուղին կը կառավարուի «Իմփուլս Պիզնըս Մէնէճմէնթ» ընկերութեան կողմէ։
«Տաթեւեր» ճոպանուղիի ի նպաստ քուէարկելու համար անհրաժեշտ է՝
– այցելել կայքէջ
– արձանագրուիլ ել-փոստի միջոցաւ
– հաստատել ել. հաղորդագրութիւնը
– սեղմել քուէարկութեան կոճակը
– ընտրել վորլտ բաժինը
– ընտրել 60րդ տողը՝ «Վորլտ լիտինկ քէպըլ քար ռայտ-2023»
– քուէարկել «Վինկս օֆ Տաթեւ, Արմենիա»ի ի նպաստ։
Քուէարկութեան վերջնաժամկէտը 17 Նոյեմբերն է։
İlk yorum yapan siz olun