Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 20 Հոկտեմբեր 2023, Ուրբաթ, պաշտօնարանին մէջ ընդունեց պատմագէտ Արզու Ուլաշի եւ ընկերուհին՝ բարձր ճարտարապետ Պիւշրա Պաթուի այցելութիւնը։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան։
Ուլաշ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ընդունելութեան համար եւ յայտնեց թէ եկած էր մեր Հոգեւոր Պետին նուիրելու իր նոր ուսումնասիրութիւնը, որ գիրքի վերածուած էր Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ։ Գիրքի անունն էր Osmanlı belgeleri ışığında İstanbul yer altı yapıları (Օսմանեան փաստաթուղթերու լոյսին տակ Ստանպուլի ստորերկրեայ շէնքերը)։
Արզու Ուլաշ յայտնեց, որ իր ակադեմական աշխատասիրութիւնն էր այս մէկը, որուն վրայ երկար ատեն աշխատած էր եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնն ալ գնահատելով որոշած էր զայն ի լոյս ընծայել։ Վերջերս Այասօֆիայի երբեմնի կրթարանի սրահներուն մէջ կատարուեցաւ գիրքի շնորհանդէսը։ Ան շեշտեց գիրքի այն կարեւոր երեսակը, թէ նախապէս նման աշխատութիւն եղած է, սակայն առաջին անգամ է, որ այսքան մանրամասն եւ այսքան վաւերագրական փաստաթուղթերով գիրք մը լոյս կը տասնէ։ Հեղինակը օգտագործածէ շուրջ չորս հարիւր յիսուն վաւերագիր։
Ան ըսաւ, որ գիրքին մէջ խօսած է Հայոց Պատրիարքարանի ստորերկրեայ մասերուն, Սուլումանասթըրի, ինչպէս նաեւ Պալըքլըի Յունաց Վանքի եւ լուսաղբիւրի մասին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ գիրքի շնորհանդէսին մասնակցած է Հայոց Պատրիարքական Աթոռէն Յովակիմ Հայր Սուրբը, իսկ Յունաց Պատրիարքական Աթոռէն՝ Ափոսթոլոս Մետրոպոլիտը։
Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրուած գեղատիպ հատորին համար եւ շեշտեց պատմութեան կարեւորութիւնը։ Ըսաւ որ կը պատմուի թէ Կոնստանդին Թագաւոր այս քաղաքը կառուցած է երկյարկանի՝ մէկը ստորերկրեայ։ Եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ մէկը այսօր այս նիւթով հետաքրքրուած ու լոյս աշխարհ բերած՝ գիտական մակարդակի վրայ նոր հատոր մը։
Հանդիպման աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը անգամ մը եւս շնորհաւորեց Արզու Ուլաշն ու Պիւշրա Պաթուն եւ իրենց նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun