İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅՈՅՆ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՀԱՒԱՔՈՎԻ ՏՈՒՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԻԾ՝ ՀԱԹԱՅԻ ԱՂԻՏԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Պոլսոյ յոյն համայնքի «Ռումվատէր» հարթակի պատասխանատուներն եւ Հաթայի յոյն օրթոտոքս վագըֆներու ներկայացուցիչները 13 Հոկտեմբերին Անթաքիոյ մէջ ստորագրեցին կարեւոր համաձայնագիր մը։ 

Փետրուար 2023ին պատահած զոյգ երկրաշարժներէն ետք, յոյն օրթօտոքս համայնքի վագըֆներու զօրակցութեան միութիւնը ¤Ռումվատէր_ անմիջապէս գործի լծուած էր աղիտեալներուն օգնելու եւ անոնց հրատապ կարիքները հոգալու համար։ 

Այժմ նոր ծրագիր մը կեանքի պիտի կոչուի Հաթայի մէջ։ Այսպէս Արսուզի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած հողատարածքի մը վրայ պիտի տեղակայուին 35 հաւաքովի ¤փրէֆապրիք_ տուներ։ Նախագծի նիւթական ծախսերը գրեթէ ամբողջութեամբ դիմագրաւուած են Ռումվատէր-ի միջնորդութեամբ Յունաստանէն չորս մեծ նուիրատուներու կողմէ, որոնք են Յունաստանի դրամատուներու միութիւնը, «Նաւապետ Վասիլիս եւ Քարմէն Կոստանդաքոփուլու վագըֆ»ը, «Եաննիս Ալաֆոուզոս» ընկերութիւնը եւ «Աստուածաշունչի ընկերակցութիւն»ը։

Համաձայնագրի ստորագրութեան ներկայ գտնուեցան Անթաքիոյ եւ Իսքէնտէրունի յոյն վագըֆներու պատասխանատուները, Ռումվատէր-ի անդամներ եւ նախագծի ընդհանուր համակարգողը։ 

Հաւաքովի տուները պատրաստ պիտի ըլլան երեք ամսուայ մէջ։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/181023lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın