Վերջին երեք տարիներուն մեզի համար տեսակ մը »ուխտի օր«երու վերածուած են այն այցելութիւնները, զորս կուտանք մեր Խմբագրապետին եւ Հատտէճեան ընտանիքին՝ Թարապիոյ իրենց բնակարանին մէջ։
Մեծ անհամբերութեամբ, տաքուկ սրտատրոփութեամբ կը սպասենք առիթներու, գրեթէ նոյն կազմով պատրաստակամութեամբ ճամբայ կþիյնանք ու դեռ տեղ չհասած, ոգեւորութիւնը տիրական կþըլլայ մեր զգացումներուն մէջ։
Այս անգամ առիթը ստեղծուած էր Հայաստանէն երեք հարազատ անձերու Պոլիս այցելութեան շնորհիւ։ Բանասիրական գիտութիւններու Փրօֆ. Սուրէն Դանիէլեան եւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուներէն Տոչ. Վալերի Փիլոյեան ու Քնարիկ Աբրահամեան Պատրիարքարանի կողմէ քաղաքս հրաւիրուած են Մշակոյթի շաբթուան հանդիսութիւններու շրջագծով ¤այս մասին կարդալ միւս սիւնակներուն մէջ_։
Ճշդեցինք այցելութեան օրն ու ժամադրուեցանք Հատտէճեաններու հիւրընկալ եւ հոգեհարազատ երդիքին տակ։ Ռ. Հատտէճեանի դասընկեր, համայնքային գործիչ եւ Մարմարա-ի երէց աշխատակից Արամ Գամպուրեան, Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեան, Տիկին Սիլվա Կոմիկեան, Տիկին Մարիամ Տրամէրեան ու ես, միասին հասանք Թարապիա, իսկ հիւրերը Պատրիարքարանի կողմէ տրամադրուած յատուկ ինքնաշարժով Գումգաբուէն եկան, գրեթէ նոյն վայրկեաններուն Խմբագրատունէն հասան նաեւ Պր. Արին ու Պր. Այգը։
Մեր գրական նահապետը՝ Պր. Ռոպէրն ու Տիկին Սիւզանը, իրենց հարսներուն՝ Տիկին Գարոլինի ու Տիկին Թալինի, օգնականուհի Թենիին հետ դիմաւորեցին մեզ։
Յուզիչ հանդիպում էր, յիշարժան պահեր էին եւ ըսելիք ու խօսելիք շատ բան կար մա՛նաւանդ գիր-գրականութեան նիւթերու շուրջ։ Թէյասեղանի շուրջ կարօտը, հանդիպման բերկրանքը, զիրար տեսնելու ուրախութիւնը տիրական էին բոլորիս մօտ։
Փրօֆ. Սուրէն Դանիէլեան ութ տարի յետոյ այսպիսի առիթ ապրելու խանդավառութեամբ անպաշտօն »գրական սեղաներէց«ը դարձաւ ու քանիցս սրտախօսիկ արտայայտութիւններով իր զգացումները արտայայտեց մեր խմբագրապետին, միւս երախտաւորներուն նկատմամբ։
Յիշատակներու, յիշողութիւններու քաղցր եւ անմոռանալի կծիկը քակուած էր. ե՞րբ դրուած էին բարեկամութեան հիմերը, Ռ. Հատտէճեանի, յետոյ պոլսահայ նորօրեայ գրականութեան առաջամարտիկներու ստեղծագործական աշխարհը ինչպէ՞ս պատուհան բացած էր Փրօֆ. Դանիէլեանի, մեր սիրելի Քնարիկի ու Պր. Փիլոյեանի համար, ինչպէ՞ս առիթ ստեղծած էր որ Պոլսահայ նորօրեայ գրականութիւնը նոր ճանաչումով, մասնագիտական աշխատանքով եւ ուսումնասիրութիւններով մատուցուէր հայաստանցի ուսանողներուն, ինչպիսի՞ կարեւոր դերակատարութիւն վերապահուած է »Սփիւռք« գիտա-ուսումնական կեդրոնին՝ Սփիւռքահայ գրչի մարդոց, Պոլսահայ գրականութեան նուիրեալներուն ստեղծագործութիւնները համալսարանական եւ ակադեմական մակարդակով դասաւանդելու համար։
Ասոնք զրոյցներու առանցքային նիւթերն էին, բայց տարբեր խորհուրդ ալ ունէր երէկուան մէկտեղումը։ Կարծես »բաց դաս«ի եկած էինք ու ամէն մէկ նախադասութիւն պատգամի պէս կը հնչէր սեղանին վրայ։ Ուսուցիչը դարձած է աշակերտ եւ եկած է իր ուսուցչին մօտ. այսպէս ինքզինք բնորոշեց Փրօֆ. Դանիէլեան, արտայայտելով իր զգացումները. »Օրհնուած է այն ճանապարհը, ուր ուսուցիչը Պր. Հատտէճեանն է, իսկ աշակերտը կը շարունակեմ ես մնալ։ Աւելի լաւ վիճակի մէջ ե՛ս եմ, որովհետեւ կը շարունակեմ սորվիլ իրմէ, կը զարգացնեմ ու կþիւրացնեմ գրական ճաշակս եւ մարդ ըլլալու արուեստը։ Ես արեւմտահայութիւնը ճանչցայ այն բանալիին շնորհիւ, զոր ինծի տուաւ Պր. Ռոպէրը եւ բացաւ այդ աշխարհին դուռը։ Այս բոլորը կþըսեմ իմ ընտանիքի անունով, կþըսեմ, որ Պր. Հատտէճեանը զիս կապեց արեւմտեան աշխարհի հետ, հայութեան հետ, այն ինչ որ ինծի համար տեսական հասկացողութիւն էր, իր շնորհիւ դարձաւ իրողութիւն։ Այսօր 34 տարիներու հեռուէն, կը փափաքիմ աշակերտական իմ խորին շնորհակալութիւնը յայտնել ձեզի, կþուզեմ հաստատել որ իմ կեանքի իւրաքանչիւր օրուայ մէջ դուք ուսուցիչ էք, դուք ներկայութիւն էք, դուք մարդն էք։ Կը մաղթեմ որ շէն մնայ ձեր ընտանիքը ու ես անընդհատ ըլլամ ձեր աշակերտը։ Երախտապարտ եմ նաեւ Մաքրուհիին, որովհետեւ բարեկամութեան մէջ ա՛ն ալ միշտ ներկայ էր եւ քաջալերող աջակից։ Կþուզեմ նաեւ աւելցնել որ Պր. Ռոպէրն ու գրչակից եղբայրները իրենց հարուստ գրականութեամբ, Պոլսին վերադարձուցին »գրական հայրենիք«ի քաղցրանուն տիտղոսը«։
Մեր խմբագրապետն ալ խօսք ունէր այս առիթով. »Այն ինչ որ ըրի կեանքիս մէջ, կրցայ ընել որպէս լաւ բան, ատիկա ըրի ժողովուրդիս, ընտանիքիս կողմէ եկած քաջալերութեան, հասկացողութեան եւ գրասիրութեան շնորհիւ։ Յոյսը ունինք, բոլորովին ալ տակաւին սպառած չենք, դեռ խօսք ունինք ըսելիք, կը կարծեմ որ սիրելի դասընկերս՝ Արամ Գամպուրեան, 85 տարուայ բարեկամութեամբ կը հաստատէ ըսածներս«, ըսաւ Ռ. Հատտէճեան։
Զրոյցները շարան շարան կը տողանցէին սեղանին շուրջ, կենացները նոյնպէս։ Չմոռցանք մեր սիրելի Զարեհ Խրախունին, որուն ծննդեան օրն էր երէկ, յիշեցինք պոլսահայ գրականութեան բոլոր երախտաւորները, այժմու նուիրեալները, որոնք, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեան, կը շարունակեն մնալ պատնէշին վրայ։
Քնարիկ Աբրահամեանն ու Վալերի Փիլոյեանը նոյնպէս »աշակերտ«ի կարգավիճակի մէջ էին։ Քնարիկ ըսաւ. »Շատ վատ պիտի ըլլար եթէ միայն Պր. Դանիէլեան աշակերտ եղած ըլլար, մինչդեռ հիմա Պր. Սուրէնն է որ մեզի համար բացած է Պոլսահայ եւ Սփիւռքահայ գրականութեան ճամբան, սորվեցուցած է այդ գրականութիւնը, ինծի պատիւ տուած է՝ նորօրեայ սերունդի ուսանողներուն սորվեցնելու Պոլսահայ գրականութիւնը։ Աւելի կարեւորն ալ կայ. ամէն Թարգմանչաց տօնին, իսկ հիմա Թարգմանչաց տօնի շաբթուան մէջ կը գտնուինք, մենք միշտ Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանին մօտ բարձրաձայն կը կարդանք Մեսրոպ Մաշտոցի մասին ձեր գրութիւնը, ձեր վարձքը կատար«։
Պ. Վալերի Փիլոյեան առաջին անգամ է որ կþայցելէր Պոլիս, բայց Ռ. Հատտէճեանի գրականութիւնը մասնագիտական առումով տարիներէ ի վեր տարբեր աշխարհ մը բացած է իր դիմաց։ »Ձեր Յուշատետրերը ո՛չ թէ գրութիւններ են, այլ պատմութիւնն է որ կþարձանագրեն ու կը փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն, ապագային։ Ես չէի կրնար պատկերացնել որ այսքան հայեցի յարկ մը, այսպիսի ազնուագոյն ընտանիք մը պիտի գտնեմ իմ դիմաց։ Հոս թէ՛ Պր. Ռոպէրը, բայց անկէ աւելի՛ն Տիկին Սիւզանն է որ դերակատարութիւն ունեցած են։ Շնորհակալ եմ այցելութեան այսպիսի առիթ ստեղծելու համար«, ըսաւ ան։
Գրականութեան նիւթերէն զատ, ազգային հարցերն ալ ծեծուեցան սեղանին վրայ, Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ծանր մարտահրաւէրներուն մասին կարծիքի փոխանակումներ ունեցանք, չկորսնցնելով լաւատեսութեան յոյսը։
Ժամերը կը սահէին, բայց ըսելիք շատ բան ունէինք իրարու, չէինք ուզեր բաժնուիլ Հատտէճեաններու յարկէն, ուր գրականութեան պատմութեան համար անմոռանալի »դասեր կþարձանագրուէին« վարպետներուն կողմէ։
Մէկ կողմէ զրոյցներուն կը հետեւէի, բայց աչքս կը սահէր նաեւ դէպի սեղանի անկիւն, ուր 85ամեայ բարեկամութեամբ »թրծուած« երկու նախկին դասընկերները՝ ըսելիք շատ բան ունէին իրարու։ Ես ամէնէն շատ այդ տեսարանն է որ սիրեցի…։
Զգածուած էինք, երախտապարտ էինք, ուրախ էինք ստեղծուած առիթի համար։ Այս յիշարժան եւ թանկ օրը չէր կրնար վերջանալ առանց ասմունքի։ Տիկին Սիլվա Կոմիկեան »աշխարհիկ աղօթք«ի նման արտասանեց Սրբոց Թարգմանիչներու տօնի առիթով Մեսրոպ Մաշտոցին ձօնուած Ռ. Հատտէճեանի հանրածանօթ գրութիւնը, որ հոգեթով պսակումը դարձաւ մեր զգացական ապրումներուն։
Խմբովին լուսանկարուելէ ետք ակամայ բաժնուեցանք Հատտէճեաններու ընտանիքէն, մեր սրտերուն մէջ տեղ բանալով նոր յիշատակներուն համար։
Երախտապարտ ենք թէ՛ հիւրերուն, թէ հիւրընկալներուն։
Ն. Ս.
İlk yorum yapan siz olun