Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Մորան Մոր Իգնատիոս Էֆրէմ Բ. Պատրիարք, 16 Հոկտեմբեր 2023, Երկուշաբթի, ժամը 14.30-ին այցելեց Հայոց Պատրիարքարան։ Հիւր Հոգեւոր Պետին կ’ըներանար մետրոպոլիտներէ, վարդապետներէ ու քահանաներէ բաղկացեալ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէր քաղաքիս Ասորւոց Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտը։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր կողքին ունենալով Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանը եւ Աթոռոյս միաբաններն ու քահանայ հայրերը, հիւր Պատրիարքը դիմաւորեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մուտքին, ուր երկու հոգեւոր պետեր ողջագուրուեցան։ Ապա կազմուած թափորը Հրաշափառով տաճար առաջնորդեց զոյգ հոգեւոր պետերը եւ կատարուեցաւ հանդիսաւոր Ճաշու ժամ։
Այստեղ մեր Հոգեւոր Պետը ուղերձով մը բարի գալուստ մաղթեց հիւր հոգեւոր պետին եւ յանուն հոգեւոր դասու եւ համայնքին բարի գալուստ մաղթեց Ասորւոց Պատրիարքին: Յայտնեց, որ Պոլսոյ այցելութիւնը բարեբաստիկ առիթով մըն էր. նորակառոյց Մոր Էֆրէմ Եկեղեցւոյ օրհնութիւնը կատարելու եւ անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցանելու համար փութացած էր քաղաքս: Իսկ այս կեցութիւնը առիթ տուած էր Հայոց Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ հիւրընկալուելու: Մեր Հոգեւոր Պետը Ստանպուլի մէջ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու կարեւորութեան ակնարկելով, յիշեցուց, որ Հայ եւ Ասորի Եկեղեցիներ կը շարունակեն իրենց լաւ յարաբերութիւնը: Ուստի, երբ իրենց եկեղեցւոյ բացումը կատարուեցաւ, այս մէկը հոգեւոր ուրախութիւն պատճառեց նաեւ Հայոց Պատրիարքութեան: Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ Հոգեւոր Առաջնոդ ըլլալու դժուարութիւնը, յատկապէս ներկայ ժամանակաշրջանին եւ այս առումով ըսաւ, որ աղօթող է հիւր հոգեւոր պետին համար, որպէսզի Աստուած առաջնորդէ ու օգնական ըլլայ իրեն, ժողովուրդը հովուելու ծառայութեան մէջ:
Ապա խօսք առաւ Իգնատիոս Էֆրէմ Բ. Պատրիարքը եւ ուրախութիւնը յայտնեց Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր կեդրոններէն միոյն մէջ հիւրընկալուած ըլլալով: Ինք այս տարի առաջին անգամ Թուրքիա այցելած էր երկրաշարժէ յետոյ, մօտէն տեսնելու համար վնասուած եկեղեցիներն ու աղէտեալ ժողովորդը: Իսկ այս անգամ իր այցելութիւնը լաւ առիթի կը զուգադիպէր, որով աշխարհի կարեւորագոյն քաղաքներէն միոյն՝ Ստանպուլի մէջ բացումը կը կատարուէր Ասորւոց նորակառոյց տաճարի մը: Այս մէկը թէեւ Ասորի համայնքին համար յատկանշական էր, սակայն քոյր եկեղեցիներ եւս բաժնեկից կը դառնային: «Բոլորս նոյն հաւատալիքին կը սպասարկենք, պարզապէս տարբեր լեզուով ու մշակոյթով» ըսաւ եւ ընդգծեց քոյր եկեղեցի ըլլալու հանգամանքը: Այս առթիւ ուրախութեամբ անդրադարձաւ, Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտին տասնամեակներու ծառայութեան եւ Հայոց Պատրիարքութեան հետ ունեցած լաւ յարաբերոթեանց համար:
Ասորւոց Պատրիարքը անձնական յիշատակներ բաժնեց ու ըսաւ, թէ ինք շատ մօտ եղած է Հայ Եկեղեցիին ու բարձրաստիճան եկեղեցականներուն: Ա.Մ.Ն. ծառայութեան շրջանին օրուայ Առաջնորդ Խաժակ Արքեպս. Պարսամեանի եւ թեմի այլ հայ եկեղեցականներու հետ աղօթակցած ու ծանօթացած էր փոխ այցելութիւններով: Ինք պաշտօնական եւ անպաշտօն քանիցս տեսակցած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հետ ու որպէս հոգեւոր պետեր եղբայրական յարաբերութիւն ստեղծած էին: Հետեւաբար այս այցութիւնը եւս յատուկ ձեւով պիտի յիշէր:
Իր խօսքերու աւարտին յաջողութիւն մաղթեց Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Պատրիարք Հօր եւ հոգեւորականաց դասուն:
Տէրունական Աղօթքի ասորերէն եւ հայերէն երգեցողութենէն ետք, անգամ մը եւս թափոր կազմուեցաւ եւ երկու հոգեւոր պետեր առաջնորդուեցան Պատրիարքարանի դահլիճը։ Յետ հիւրասիրութեան, այստեղ երկու հոգեւոր պետեր եւ իրենց ընկերակիցներ առիթն ունեցան զրուցելու։
Մեր Հոգեւոր Պետը Հիւր Պատրիարքին նուիրեց փայտեայ ծաղկաման մը եւ Պոլսահայ եկեղեցիներու գոյքերու մասին անգլերէն հատոր մը, իսկ Մորան Մոր Իգնատիոս Էֆրէմ Բ. Պատրիարք նուիրեց գեղեցիկ ձեռագործ ձեռաց խաչ մը։
Խմբանկարի պահէն ետք, Ասորւոց Պատրիարքն ու շքախումբը մեկնեցաւ Պատրիարքարանէն։
Լուսանկարներ՝ ԼՐԱԲԵՐ
İlk yorum yapan siz olun