İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՕՐԸ

16 Հոկտեմբեր 1794։ Այդ օր, հայ տպագրութեան պատմութեան մէջ անկիւնադարձային օր մը, նոր էջ մը բացուեցաւ հեռաւոր Մատրաս քաղաքին մէջ։ Յարութիւն Շմաւոնեան քահանայի հրատարակութեամբ լոյս ընծայուեցաւ «Ազդարար» անունով թերթի անդրանիկ թիւը։ Հայ մամուլի ռահվիրան դարձաւ «Ազդարար»ը՝ իր առաքելութեամբ ազգային ինքնագիտակցութեան հուրը դնելով հայ մարդուն սրտին մէջ։

Այսօր մե՛ր օրն է յարգելի պաշտօնակիցներ եւ հայատառ մամուլին ծառայող նուիրեալներ։

Մեր պարտքն ու պարտականութիւնն է հոգեւոր, գրական, բարոյական ու մարդկային արժէքները փոխանցել համայնքին։ Ուզենք կամ չուզենք, պաշտօնի բերումով դատապարտուած ենք եւ ի գին ամէն զոհողութեան, պէտք է պայքարինք մերօրեայ կոտտացնող «հիւանդութեան»՝ հայ գրի ու հայ մամուլի նկատմամբ անտարբերութեան դէմ, անընդհատ պէտք է յիշեցնենք որ հայ տպագիր մամուլը անցեալը ներկային կամրջելով, համայնքային կեանքի պատմութիւնը կը փոխանցէ գալիք սերունդներուն։

Արդեօք այսօր քանի՞ հոգին պիտի յիշէ 16 Հոկտեմբեր յիշարժան օրը։ Չենք գիտեր, բայց կը շարունակենք պահել այն գիտակցութիւնը, որ յոյսը ամէնէն վերջ կը մեռնի։

ՄԱՐՄԱՐԱ

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/161023lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın