İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՍՈՐԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

Ասորի Ուղղափառ համայնքը ունեցաւ նոր եկեղեցի մը, որ կառուցուեցաւ Եշիլգիւղի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ շաբաթ կատարուած էր պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, իսկ 15 Հոկտեմբեր 2023, Կիրակի առաւօտ կատարուեցաւ կրօնական հանդիսութիւնները, նախագահութեամբ Ասորւոց Նորին Սրբութիւն Մորան Մոր Իգնատիոս Էֆրէմ Բ. Պատրիարքի։

Հանդիսութեան մասնակցեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեանի։ Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։

Պաշտամունքի բացման հանդիսութենէն ետք անդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց Ասորւոց Պատրիարքը, առընթերակայութեամբ Ստանպուլի, Անգարայի եւ Իզմիրի Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին եւ Թուրապտինի Գերշ. Մոր Թիմոդէոս Սամուէլ Աքթաշ Մետրոպոլիտներու։ Ներկայ էին արտասահմանէն հիւր մետրոպոլիտներ, քահանաներ, ինչպէս նաեւ քաղաքիս քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։

Քարոզեց Ասորւոց Նորին Սրբութիւն Մորան Մոր Իգնատիոս Էֆրէմ Բ. Պատրիարքը։

Ի ժամ Ս. Պատարագի խօսք տրուեցաւ մեր Հոգեւոր Պետին, որ յիշեցուց աւետարանական Անիրաւ Դատաւորի առակը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, որ անիրաւ դատաւորը, որ Աստուծմէ չէր վախնար եւ մարդոցմէ չէր ամչնար, սակայն այրի կնոջ յամառ խնդրանքներուն տեղի տուաւ։ Մեր Երկնաւոր Հայրը, որ մեզ կը սիրէ, որքան տեղի պիտի տայ եւ մեր խնդրանքները պիտի ընդունի։ Պատրիարք Հայրը ըսաւ, որ յամառութիւնը մեղք է, սակայն կայ սրբազան յամառութիւն կոչուած բան մը, որ ըրաւ Ասորի համայնքը եւ այսօր տիրացաւ այս աղօթավայրին։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց Ասորւոց Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտը եւ ողջ համայնքը, որոնց աղօթքներուն եւ աշխատանքներուն արդիւնքն է նորակառոյց Մոր Էֆրէմ Եկեղեցին։

Մեր Հոգեւոր Պետը, իր, հոգեւոր դասու եւ համայնքի անունով շնորհաւորեց Ասորի համայնքը եւ յանուն Աթոռոյս նուիրեց արծաթեայ գեղեցիկ զոյգ բուրվառներ։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին կատարուեցաւ շէնքի մուտքի յիշատակարանի բացումը։

Ապա Ֆլորիայի Գրաուն Բլազա ճաշարանին մէջ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու եւ արտասահմանեան հիւրերու համար սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın