İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, որ նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 13 Հոկտեմբեր 2023, Ուրբաթ, ժամը 17.00-ին, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։

Արարողութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, միաբաններ եւ քահանայ հայրեր։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Սուրբ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները եւ քաղաքիս զանազան կողմերէն եկած հաւատացեալներ։

Ժամը 17.00-ին, Նորին Ամենապատուութիւնը թափորով առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ մուտքը, ուր կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն։ Ապա, եկեղեցւոյ զանգի ղօղանջով հոգեւորականաց դասը եւ ներկաներ մուտք գործեցին բարեզարդեալ եկեղեցին։ Արարողութեանց երգեցողութիւնները կատարուեցաւ ներկայ հոգեւորականներու կողմէ։

Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Եկեղեցւոյ Աւագ Սեղանը ու առաջաւորութեան սեղանը։ Եկեղեցւոյ մատուռներու սեղանները, Մկրտութեան Աւազանը, եկեղեցւոյ բեմը եւ նորոգուած սրբանկարները օծուեցան ձեռամբ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոսի։

Օծման արարողութենէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց «Ահա ամէն ինչ կը նորոգեմ, նոր կ’ընեմ» բնաբանով եւ շեշտեց Աստուծոյ մարդ արարածը ստեղծելու եւ զայն նորոգելու յատկութիւնները։ Ապականեալ բնութեան մէջ ամէն ինչ ժամանակով կը հիննայ։ Եթէ չնորոգուի՝ կը փճանայ։ Մարդն ալ կը ստեղծէ եւ կը նորոգէ։ Յիշեցուց, թէ նոյնը եղած է այս եկեղեցւոյ պարագային ալ քանիցս։ Երկու տարի պաշտամունքի փակ մնալէ ետք, յետ աւարտման աշխատանքներուն անգամ մը եւս կը բացուէր պաշտամունքի։ Շնորհաւորեց եւ օրհնեց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, բարերաները եւ բոլոր մեր ժողովուրդը։ Հրաւիրեց տէր կանգնիլ այս նորոգեալ եկեղեցիին եւ մասնակցիլ կատարուած արարողութիւններուն։ Իր վստահութիւնը յայտնեց, թէ Սկիւտարի ժողովուրդը նախանձախնդրութեամբ պիտի իւրացնէր այս եկեղեցին միշտ պայծառ վիճակի մէջ պահելու հրամայականը եւ յաճախակի մասնակցութեամբ ցոյց պիտի տար, թէ տէրն էր մեր հայրերէն որպէս աւանդ յանձնուած այս աղօթատեղին։

Արարողութիւնը տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցով ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/143642635499664

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın