Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում։ Թէեւ համազգային ցնցումի ընդհանուր մթնոլորտը անխուսափելիօրէն ազդած է ամէն ինչի վրայ, սակայն, Մայրավանքի համալիրէն ներս յամենայնդէպս ստեղծուեցաւ արտասովոր մթնոլորտ։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վսեմ հովանիին ներքեւ անոր շրջապատի նուիրական մթնոլորտին մէջ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը համալրուեցաւ հինգ նոր արժանաւոր անդամով։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ առաւօտ Վեհարանէն ծանրաշուք թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի Ս. Տրդատի բաց խորանը, ուր մատոյց Ս. Պատարագը՝ առընթերակայութեամբ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանի։ Փէշակիրներն էին Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Գարեգին Աբեղայ Համբարձումեան։
Արարողութեան հետեւեցան բազմաթիւ թեմակալ առաջնորդներ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն ներկայացուցիչներ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներ, թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ սփիւռքէն բազմաթիւ թիւով ուխտաւորներ եւ հոծ թիւով հաւատացեալներ։
Օր մը առաջ առաւօտեան, Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ, Իջման Ս. Սեղանին առջեւ, կատարուած էր ուխտադրման արարողութիւն, որու ընթացքին երէկ եպիսկոպոս ձեռնադրուած միաբանները ծնրադիր վերահաստատեցին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ հաւատարմութեան ուխտը եւ եկեղեցականներու ներկայութեամբ ստորագրեցին իրենց երդմնագրերը։ Իսկ երէկ, մինչ Ս. Պատարագը, բաց խորանին առջեւ կատարուեցաւ ընծայման կարգը՝ ընծայացուներու հաւատքի ուղղափառութեան քննութիւնը։ Անոնց արժանաւորութեան մասին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին առջեւ վկայեցին Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ զանազան երկիրներէն՝ դպիրներ, կիսասարկաւագներ, սարկաւագներ, քահանաներ, եպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ յանուն հաւատացեալ ժողովուրդին աշխարհականներ։
Այս բոլորէն վերջ երէկ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան սրբազան խորհուրդը սկսաւ Ս. Տրդատի բաց խորանին վրայ։ Խարտաւիլակն էր՝ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ, Հնդկաստանի ու Ծայրագոյն Արեւելքի հայրապետական պատ-ւիրակ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան։ Սրբազան արարողութեան ընթացքին «Աստուածային եւ երկնային շնորհք» շարականի երգեցողութեամբ վարդապետները ծունկի վրայ վեր բարձրացուցին իրենց ձեռքերը, հերթական անգամ հրաժարեցան աշխարհէն։
Այնուհետեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան հանդիսաւորապէս կատարեց միւռոնաթափ աղաւնիին վերաբերումը։ Վեհափառ Հայրապետը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց թեկնածու վարդապետներուն ճակատներն ու աջ ձեռքերու բութ մատները՝ զանոնք կոչելով եպիսկոպոսութեան։ Արարողութեան վերջին փուլին նորաօծ սրբազաններուն՝ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեանին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Տնօրէն ժողովի ատենապետ Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեանին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեանին եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Կիրակոս Եպսկ. Դաւթեանին յանձնուեցան գաւազաններն ու մատանիները՝ որպէս եպիսկոպոսական իշխանութեան խորհրդանշաններ։
Արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն տուաւ իր օրհնութիւնը։ «Այսօր վերստին աղօթքը մեր շրթներուն Ատրպէյճանի ռազմական ոճրագործութիւններու եւ Արցախի հայաթափման պատճառով լրջագոյն մարտահրաւէրներ դիմագրաւող մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի համար՝ ամենակալ Տիրոջ բարեխնամ կամօք ու ողորմութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարեցինք եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Հայրապետական պատգամէն վերջ, Նորին Սրբութեան գլխաւորութեամբ ներկայ եկեղեցական դասը մօտեցաւ նորաօծ սրբազաններուն։ Բոլորը համբուրեց անոնց աջն ու ճակատը՝ անոնցմէ ստանալով առաջին եպիսկոպոսական ողջոյնը եւ շնորհաւորութիւններ յղելով ձեռնադրութեան եւ օծման առթիւ։ Հայրապետական Ս. Պատարագի աւարտին, հաւատացեալ ժողովուրդն ալ խորանին առջեւ շնորհաւորեց նորաօծ սրբազանները։
Այսօր նոր սրբազանները կը մատուցեն իրենց ուխտի պատարագները։ Այսպէս, Օշական Սրբազանը կը պատարագէ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ, Թէոդորոս Սրբազանը՝ Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ, Մեսրոպ Սրբազանը՝ Ս. Հռիփսիմէ վանքին մէջ, Կորիւն Սրբազանը՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ եւ Կիրակոս Սրբազանը՝ Ս. Շողակաթ վանքին մէջ։
İlk yorum yapan siz olun