Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 8 Հոկտեմբեր 2023, Կիրակի, յետ միջօրէին Եշիլգիւղի մէջ մասնակցեցաւ Ասորի Ուղղափառաց նորակառոյց Մոր Էֆրէմ Եկեղեցւոյ բացման հանդիսութեան։
Ստանպուլի եւ Անգարայի Ասորւոց Առաջնորդ եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտի հրաւէրով կատարուած հանդիսութեան մասնակցեցան Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմ. Ռէճէփ Թայյիպ Էրտօղան, Ազգային Ժողովի Նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ, Ներքին Գործոց Նախարար Ալի Երլիքայա, Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսօյ, Աքփարթիի Փոխ Նախագահ Էֆքան Ալա, Ստանպուլի Կուսակալ Տաւուտ Կիւլ։
Յանուն քոյր եկեղեցիներու՝ մասնակցեցան Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, յանուն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ն.Ս.Տ.Տ. Ֆրանկիսկոս Քահանայապետի՝ Կարտինալ Քուրթ Քոխի գլխաւորութեամբ պատգամաւորութիւն մը եւ այլ հիւրեր։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Ասորւոց Ատըյամանի, Տիյարպաքըր ու Մարտինի եւ Միտեաթի Մետրոպոլիտները։
Մուտքին Ասորի եկեղեցւոյ երգչախումբը փոքրիկ համերգով մը հանդէս եկաւ։
Ստանպուլի Ասորի համայնքի Վարչութեան Ատենապետ Սաիթ Սուսին ուղերձով մը ուրախութիւնը յայտնեց, որ Հանրապետութեան դարադարձին առաջին եկեղեցւոյ բացումն է, որ կը կատարուի։ Բարի գալստեան ուղերձ մը արտասանեց նաեւ Ասորւոց Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահին, որուն բարեհաճ արտօնութեամբ սկիզբ առած էր այս աղօթատեղիի կառուցման գործընթացը եւ այսօր իր ալ մասնակցութեամբ բացումը կը կատարուի։ Ուղերձով մը հանդէս եկաւ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Ռէճէփ Թայյիպ Էրտօղան եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց հիմնարկէքին մասնակցած սոյն աղօթավայրի շինութիւնը աւարտած տեսնելով։
Պաշտօնական ուղերձներէ ետք, կատարուեցաւ նորակառոյց եկեղեցւոյ պաշտօնական բացման ժապաւէնի հատումը։
Բացման արարողութեան Պատրիարք Հօր հետ մասնակցեցան նաեւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Յառաջիկայ օրերուն պիտի կատարուի նոյն եկեղեցւոյ օծման եւ պաշտամունքի բացման կրօնական հանդիսութիւնները։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun