Գալֆաեան վարժարանէն կը տեղեկացնեն մեզի.-
Սկիւտարի Գալֆաեան վարժարանի մէջ 2023-2024 տարեշրջանը սկսաւ հանդիսաւոր պայմաններուն տակ։ Դասարանները օրեր առաջ ուսուցիչներու կողմէ բծախնդրօրէն զարդարուած էին մեր սիրելի սաներուն համար։
Հանդէսը տեղի ունեցաւ պարտէզին մէջ։ Խնամակալութեան անունով ներկայ էր Պէսսէ Գապաք։ Պետական քայլերգի երգեցողութենէն ու յարգանքի լռութենէն ետք, գործադրուեցաւ յայտագիրը։ Խօսնակներն էին՝ Լիէնա Կիւլ եւ Ժանին Հօգգաճը։
Նախ բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Օր. Թամար Ներկիզ։ Ան իր սրտի խօսքերը արտասանելէ վերջ յաջող տարեշրջան մը մաղթեց բոլորին։ Յետոյ բեմ եկաւ վարժարանիս հայերէնի ուսուցչուհի Օր. Վարդուհի Սաքանեան որ այս տարեշրջանին պաշտօն ստանձնեց Գալֆաեանի մէջ։ Ան հակիրճ գրութեամբ մը իր մասին տեղեկութիւններ տուաւ եւ ուրախութիւն յայտնեց Գալֆաեանի ընտանիքին մաս կազմելու առիթով։ Յաջորդաբար աշակերտներ՝ Ռոտին Թաշճը եւ Այգ Էօզկիւնտուզ թրքերէն եւ հայերէն արտասանութիւններ ըրին։
Անցեալ տարեշրջանին Ալին Սու Եամաչի եւ Աթա Պերճ Օղուզ Քէմպրիճ համալսարանի ՔԷԹ լեզուի գրաւոր քննութիւններուն մասնակցած էին, արձանագրելով յաջող արդիւնքներ։ Անոնք ալ բեմ հրաւիրուելով ստացան իրենց յաջողութեան վկայագիրերը։
Հանդիսութեան աւարտին դպրոցական զանգակի աւանդական ղօղանջով աշակերտները ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ առաջնորդուեցան իրենց դասարանները։
İlk yorum yapan siz olun