Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք՝ Ամեն. Տ. Սահակ Արք. Մաշալեան, ընդառաջելով Մարմարա-ի 83ամեակին առիթով մեր ըրած կոչին, ժողովի հրաւիրեց իսթանպուլահայ մամուլի ներկայացուցիչները։
Ինչպէս յայտնի է, շաբաթ մը առաջ, տխուր պայմաններուն ներքեւ թերթս տօնեց իր 83ամեակը եւ կոչ մը յայտարարելով, համայնքին ուշադրութեան յանձնեց հայ թերթին ներկայ օրհասական վիճակը։
Մեր Հոգեւոր Պետը, որ ամէն առիթով նեցուկ կը կանգնի մամուլին, այս անգամ ալ անմիջապէս շարժման անցաւ եւ թերթիս տնօրէններ Արի Հատտէճեանն ու Այգ Հատտէճեանը հրաւիրեց Պատրիարքարան։ Նորին Ամենապատուութիւնը Պատրիարքարան հրաւիրեց նաեւ պոլսահայ համայնքի միւս թերթերուն ներկայացուցիչները, քանի որ դժուարութիւնները եւ կացութեան լրջութիւնը ժխտական կ’ազդէ Պոլսահայ մամուլին վրայ։
Պատրիարք Հօր կողքին ժողովին մասնակցեցաւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Հանդիպման հրաւիրուած էին «Ժամանակ» թերթի խմբագիր Արա Գօչունեան, «Ակօս» շաբաթաթերթի հրատարակութեան տնօրէն Եդուարդ Տանձիկեան, «Փարոս» ամսաթերթի հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Մայտա Սարիս, «Լոյս մետիա»ի տնօրէն Յարութիւն Գուրան եւ Պատրիարքարանի մամլոյ սեղանի պատասխանատու Կարօ-Վռամ Պապայեան։
Բացման խօսքին մէջ Պատրիարք Հայրը ըսաւ որ գիտէ որ բոլոր թերթերը նիւթական դժուարութիւններ ունին, բայց շեշտեց որ անցեալ շաբաթ «Մարմարա»ի ըրած «կանչ»ը յատկապէս շատ ցնցիչ էր։ Ըսաւ որ հարցը բազմակողմանի է եւ ինք պատրաստ է լուծումներ փնտռելու հայ մամուլը անդունդը գլտորելէ փրկելու համար, պատրաստ է իր կարելին ընելու լուծումները իրականացնելու հմար։
Մօտաւորապէս երեք ժամ տեւեց ժողովը։ Բոլոր մասնակիցները պարզեցին իրենց թերթերուն կացութիւնը, առաջարկեցին զանազան լուծումներ կամ քայլեր։ Ժողովականները համամիտ գտնուեցան որ այսպէս կոչուած «տիժիթալ փլաթֆորմներ»ը, այսինքն թուային հարթակները մեծ վնաս կը պատճառեն թուղթի վրայ հրատարակութիւն ընող թերթերուն։ Համաձայնութիւն կար նաեւ այն նիւթին շուրջ թէ վագըֆներու պատասխանատուները անտարբեր կը վարուին մամլոյ դժուարութիւններուն հանդէպ եւ չեն յարգեր իրենց այն խոստումները, զորս տուած էին ընտրութիւններէն առաջ։
Ժողովի վերջաւորութեան, Պատրիարք Սրբազանը ըսաւ որ ինք պէտք եղածը դիմումները պիտի կատարէ եւ պատասխանատուներուն պիտի յորդորէ աւելի զգացականութեամբ եւ պատրաստակամութեան ոգիով մօտենալ մամուլի հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն։
İlk yorum yapan siz olun