İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԵՑԱՒ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ՝ իր կողքին ունենալով Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանն ու Պատրիարքարանի լրատուական բաժնէն Կարօ Վռամ Պապայեանը։ Այսպէս, Գումգաբու փութացին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, «Մարմարա» օրաթերթէն հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեան եւ Այգ Հատտէճեան, «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեան, «Փարոս» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիս եւ «Լոյս մետիա»էն Յարութիւն Գուրան։ Սա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներու հերթական խորհրդակցութիւնն էր՝ որոշ ընդհատումէ մը վերջ։

Հանդիպման սկիզբին Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց մամլոյ ներկայացուցիչները եւ յայտնեց, որ մտահոգութեամբ կը հետեւի համայնքային լրատուամիջոցներու մատնուած ծանր կացութեան՝ նիւթական անբաւարարութիւններու հետեւանքով։

Շուրջ երեք ժամ տեւեց խորհրդակցութիւնը, որու տեւողութեան մամլոյ ներկայացուցիչները Նորին Ամենապատուութեան նկատառման յանձնեցին իրենց դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ համայնքային հաստատութիւններէն ակնկալութիւնները։ Անոնք շեշտեցին, որ ծանուցումներու դաշտը արհեստավարժ կարգաւորումի մը կը կարօտի, այլապէս առցանց ու տպագիր միջոցներու անհաւասարութեան հետեւանքները անդառնալի կացութիւն մը պիտի յառաջացնեն՝ համայնքային լրատուական դաշտի տեսակաւորութեան եւ կարծիքներու զանազանութեան առումով։ Այս բոլորին դրսեւորումները առաւել ծանր կը կշռեն հայերէն օրաթերթերու վրայ՝ սպառնալով նաեւ մայրենիի գործածութեան եւ մայրենիով հաղորդակցութեան հեռանկարներուն։

Բաց աստի, խորհրդակցութեան ընթացքին արձանագրուեցաւ, որ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) վերջին ժողովին ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկած էր՝ համայնքային լրատուամիջոցներու մատնուած տագնապալի կացութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ այդ նիստը դռնփակ էր, մամլոյ ներկայացուցիչները սեղանի վրայ դրին իրենց լսումները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ յայտնեց, որ ամենայն հաւանականութեամբ ԹՎՄ յառաջիկայ շրջանին ուշադրութեան առարկայ դարձնէ այս նիւթը։

Մամլոյ ներկայացուցիչները դիտել տուին, որ համայնքային հաստատութիւններու նորընտիր վարչութիւնները՝ ընտրութիւններէն առաջ տրուած խոստումներուն տրամագծօրէն հակառակ ուղղութիւն մը որդեգրած են ներկայիս՝ մամուլին յատկացուած միջոցներուն եւ հանրութեան լուսաբանման մտայնութեան առումով։ Այս բոլորին վրայ կու գան աւելնալ առցանց հարթակներու վրայ կատարուած հրապարակումները, որոնք կը կատարուին անվճար գովազդի ձեւաչափին մէջ։ Այս խնդիրը արդէն ծանուցումներու դաշտը արհեստավարժ կարգաւորումներու հունէն դուրս բերած է եւ մամլոյ հաստատութիւններուն տեսակէտէ անկանխատեսելի իրավիճակի մը ծնունդ տուած է։ Մամլոյ ներկայացուցիչները ընդգծեցին, որ այս հիմնական առանցքներուն շուրջ կուտակուած հարցերը կը խոչընդոտեն թէ՛ հաստատութիւններու եւ թէ անհատներու մակարդակով մուտքերը, նաեւ այս անարդար մրցակցութիւնը կրնայ կործանարար հետեւանքներ ունենալ։

Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նշեց, որ իր կարելին պիտի ընէ ստեղծուած կացութեան յաղթահարման նպատակով։ Ան համոզուած է, թէ լրատուամիջոցներու զանազանութեան հաւանական կրճատումները թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս տխուր խամրութեան, ցաւալի զրկանքի եւ աղքատութեան մը համազօր պիտի ըլլան։ Հետեւաբար, ան ընդգծեց իր մաղթանքը, որպէսզի թրքահայ լրատուական դաշտի տարրերը կարողանան առողջ ու երաշխաւորուած ընթացք մը ունենալ։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/8-09-2023-ամեն-ս-պատրիարք-հայրը-խորհրդակցեցաւ-պոլսահայ-մամլոյ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın