ՀԱՍԱԾ ԵՆՔ ՎԵՐՋԱԿԷՏԻ՞Ն…
ՄԱՐՄԱՐԱ-ի տարեդարձն է այսօր։
Հաւանաբար թերթի 83ամեայ տարեգրութեան ամենատխուր տարեդարձը։
Եւ մենք մտահոգութեամբ կը գրենք այս տողերը։
Չըլլա՛յ որ վերջինը ըլլայ այս տարեդարձը կը խորհինք, բայց… մխիթարական կամ լաւատեսութիւն ներշնչող շատ բան չունինք նոյնիսկ մօտիկ ապագայի համար։
Ցաւօք, միասնական, հայութեան շունչով տրոփող ապագայի հանդէպ հաւատքի մեր կարգախօսը այլեւս արժեզրկուած է եւ հիմա վստահ չենք թէ ոյժ ու սիրտ պիտի ունենանք դիմագրաւելու գալիք օրերը, շարունակելու ազգապահպանութեան այն սուրբ առաքելութիւնը, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր դրուած էր թերթի ուսերուն վրայ։
Տարիներ շարունակ, որպէս հայատառ մամուլ, գուրգուրացինք մեր թերթին վրայ, հաւատացինք որ «հայ թերթը ընկերն է հայ տան», հարազատ զաւա՛կն է նաեւ այս համայնքին, բայց չհասկցանք թէ ինչպէ՞ս եւ որո՞նց կողմէ կամաց-կամաց «խորթ զաւակ»ի պիտակը դրուեցաւ թերթի ճակտին վրայ։
Տարիներ շարունակ հաւատարիմ մնացինք այն արժէքներուն, որոնք ժառանգ ձգուած էին մեզի, ջանացինք ապրեցնել բարոյական այն մեծ հարստութիւնը, որ կը կոչուի մայրենի լեզու։ Գուրգուրանք եւ հաւատարմութիւն սպասեցինք մեր ընթերցողներէն ու բազմահազարնոց համայնքէն, բայց ի զուր…։
Սպասեցինք ընտրութիւններուն, յուսալով թէ բան մը կը փոխուի մեր ազգայիններուն, մեր համայնքային մարմիններու ղեկավարներուն մտայնութեան, անտարբեր կեցուածքին մէջ, բայց ճիշդ հակառակը պատահեցաւ։ Խոստումները մնացին թուղթի վրայ, հիասթափութիւն եւ յուսահատութիւն պատճառելով մեզի։
Չենք ուզեր ջուր ծեծել։
Հիմա հասած ենք այն կէտին, ուր հայատառ մամուլի, հայերէն լեզուի, հայկականութեան նկատմամբ անտարբերութիւնը վտանգաւոր յորձանուտի մը մէջ առած է համայնքը, եւ ինչ մեղք որ շատեր չեն ուզեր հասկնալ օրհասական վիճակը՝ համակերպելով անդառնալի իրականութեան հետ։
Այսօր, տարեդարձի այս օրը, անզօրութեան, անճարութեան վերջին ճիչով կը դիմենք մեր ընթերցողներուն ու համայնքին, ըսելու համար որ անդունդի եզրին ենք։
Ցաւ ի սիրտ կը յայտարարենք որ այլեւս այս պայմաններու տակ շարունակելը գրեթէ անկարելի դարձած է։
Կա՛մ բոլորս միասնաբար գերեզմանափոր պիտի դառնանք ու պիտի դնենք վերջակէտը, կա՛մ միասին պիտի գործենք՝ գտնելու համար թերթը կանգուն պահելու նիւթական մնայուն բանալին։
ՄԱՐՄԱՐԱ
İlk yorum yapan siz olun