İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Է՜Ր ԵՐԲԵՄՆ…

31 Օգոստոս է։ Բարձր տրամադրութեամբ եւ արագաքայլ կը մտնեմ Խմբագրատունէն ներս։

Օ՜…։ Ծաղիկներու անոյշ բուրմունքը տարածուած է բոլոր յարկերուն վրայ։ Առաջին յարկը կը յիշեցնէ ծաղկավաճառի մը խանութը, ուր Պէյօղլուէն, Ս. Փրկիչ եւ Ս. Յակոբ հիւանդանոցներէն, Գարակէօզեան Տունէն եւ ազգային զանազան հաստատութիւններէն ղրկուած ծաղկեկողովներն ու գոյնզգոյն ծաղկեփունջերը արդէն իսկ կ’աւետեն թերթին տարեդարձը։

Ծաղիկներու այդ »պարտէզ«ին մէջ հազիւ կը գտնեմ Պր. Այգն ու Կարօն, որոնք այդ օր տարբեր, աւելի տաքուկ հայեացքով մը կ’ողջունեն զիս. քաղցր զրոյցի բռնուած են եւ կը խօսին օրուայ նիւթերու շուրջ, պարբերաբար իրենց զրոյցը ընդհատելով՝ դուռը բանալու եւ նոր ծաղիկները ստանալու համար։

Վեր կ’ելլեմ։ Անիին ոտնաձայները չեն դադրիր. վար ու վեր կ’ընէ ծաղիկներուն կցուած շնորհաւորական հայատառ գրութիւններով բացիկները մեզ յանձնելու, շնորհաւորական ծանուցումներուն մասին յիշեցնելու, կարգ մը ծաղկեկողովները մեր յարկը բերելու կամ Պր. Արիի աշխատասենեակը տանելու համար։

Պր. Ռոպէրը իր աշխատասեղանին դիմաց է. կը գրէ տարեդարձի իր խմբագրականը։ Աչքիս պոչով կը նայիմ իր դէմքին. լուրջ է հայեացքը։ Կը խորհիմ որ ներքուստ փառք կուտայ աստուծոյ՝ թերթի նոր հանգրուանը կարենալ ողջունելու, այսքան մեծ ուշադրութեան եւ սիրոյ արժանանալու համար։

Օր. Մաքրուհին, ես եւ Հիլտան բարձր տրամադրութեան մէջ ենք, նոյն զգացումները ունինք։ Կը շարենք ծանուցումներն ու լուրերը։ Շնորհաւորական նամակները իրենց տաքուկ տողերով կը համակեն մեր սիրտը եւ անպայման կ’ուզենք բարձրաձայն կարդալ զանոնք։

Նախ Մեսրոպ Պատրիարքն է որ կը հեռաձայնէ շնորհաւորելու համար։ Յետոյ Գրիգոր Աւ. Քահանան, յետոյ… հեռաձայնները չեն դադրիր։ Շատեր առանց սպասելու որ թերթի լուրերը պատրաստուին, կ’ուզեն անմիջապէս տօնական զգացումները բաժնել մեզի հետ, իրենց բարեմաղթանքները ընել Պր. Ռոպէրին, Օր. Մաքրուհիին ու թերթի խմբագրակազմին։ Կ’աճապարենք 31 Օգոստոսի թիւը տպագրութեան ղրկելու, որովհետեւ Արշոն արդէն բերած է սուրճը, Կարոն ու Պր. Արին ալ վեր ելած են։

Կէսօր է։ Հիւրերու պակաս չունինք։ Կարոն վարէն կ’ըսէ որ Պր. Ճիւմպիւշեանը վեր կուգայ եւ »կ’ազդարարէ« որ անպայման օդափոխիչը փակենք. գիտենք որ »Պր. Արթօն չի սիրեր«։

Խմբագրատան մեր հայաբոյր երդիքը կամաց-կամաց կը լեցուի հիւրերով։ Աթոռները գրաւուած են։ Վարէն Արման աղբարիկն ու Էօմէրը նորերը կը բերեն։ Տօքթ. Վարդը, Տօքթ. Իգնան, Աբիկ Հայրապետեանը, Արամ Գամպուրեանը, Ժիլպէռ Բարունակեանը, Արթօ, Մարիամ եւ Անի Տրամէրեանները, Արման Մարաշլեանը, Լեւոն Գուզիքօղլուն, Տիկին Սելման, Տիկին Ժագլինն ու Տիկին Սիլվան, Կարօ Կարապետեանը, Սարգիս Քիւլէկէչն ու դեռ ովքե՜ր ու ովքեր՝ հայկականութեան մեղուաբոյն մը դարձուցած են մեր յարկը։

Քանի՜ քանի անգամ կարկանդակ կը կտրենք, այդ քաղցր պահերը անմահացնելով խմբանկարներու մէջ։ Քանի՜ քանի անգամ շնորհաւորութիւններ կ’ընդունինք քաղաքէս, Հայաստանէն կամ արտասահմանի մեր բազմաթիւ ընթերցողներէն։

Ես ալ ցնծութեան մէջ եմ…։ Կ’ուզեմ որ այդ պահերը չվերջանան, մեզի համար շատ սիրելի այդ դէմքերը չհեռանան աչքերուս առջեւէն։

Յանկարծ հեռաձայնիս »զարթուցիչ«ը կը հնչէ…։

Աչքերս բացի, քունէս արթնցայ։ Տեսածս երազ էր, ապրածներս ալ մնացած էին հազիւ տասը տարի առաջուայ իրականութեան մէջ։

Է՜ր երբեմն էր… ու մեզի համար հոգեհարազատ դէմքերէն շատեր այլեւս չկան մեր շուրջ։

Հիմա…։

Կը դժուարանամ նշելու թէ հոգեւորական դասէն, համայնքային հաստատութիւններու վարիչներէն ո՞վ կամ որո՞նք կը կարդան թերթը կամ աւելի՛ն, կը յիշեն թերթին տարեդարձը։

Կը փորձեմ ճշդել թէ այս տարի քանի՞ ծանուցում ելաւ թերթին մէջ ու ցաւ ի սիրտ կը համրեմ որ առաւելագոյնը 40-50 ծանուցում մը ունեցած ենք, տաղաւար տօներու շնորհաւորական ու եկեղեցական »ստիպողական« ծանուցումներու հետ միասին։

Դարձեալ ցաւով կը մտաբերեմ որ հազիւ 10-15 տարի առաջ թերթին չորրորդ էջին վրայ լուրերուն տեղ չէր մնար. ծանուցումներն ու ազդերը կը գրաւէին թերթին սիւնակները՝ մեծապէս թեթեւցնելով թերթին նիւթական կարիքները։

Մտքիս մէջ տխրութեամբ կը հաստատեմ որ որպէս համայնք որքան հարստացանք՝

– այնքա՛ն »մենք«ի գաղափարը տեղի տուաւ անձնակեդրոն »ես«ին,

– այնքա՛ն հեռացանք իրարմէ՝ բաժանարար հաստ գիծեր դնելով մէկզմէկու միջեւ,

– այնքա՛ն արժեզրկեցինք մեր աւանդները՝ զանոնք ծառայեցնելով կամայական նպատակներու,

– այնքա՛ն »ոտնահարեցինք« մեր մայրենին՝ ակամայ վտանգի տակ դնելով մեր գոյութեան գրաւականը։

– այնքա՛ն տուրք տուինք փառասիրութեան՝ չհասկնալով որ ճիշդ չէ եւ անընդունելի է մեր որդեգրած ճամբան։

Նահանջի ճամբուն մէջ ենք։ Ապագան անորոշ է։ Եկեղեցի-դպրոց-մամուլ եռոտանիի ոտքերը հաստատուն չեն այլեւս։ Մաղթենք որ այդ »ոտքեր«ը չկոտրին ու ի վերջոյ յաղթական ելլէ հաւաքական միտքը։

Ն. Ս.

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/310823lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın