İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արձագանգելով մեր կոչին ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐՕՏ ՏԻԿԻՆԸ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻ ՏԱԿ ԱՌՆՈՒԵՑԱՒ Ս. ՓՐԿԻՉ ԱԶԳ. ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ

Անցեալ շաբաթ հրապարակած էինք ծանուցում մը, որով 85ամեայ տարեց եւ անճար հայր մը օգնութեան կոչ կ’ուղղէր իր 55 տարեկան հիւանդ դստեր դարմանումի համար։ Դուստրը լուրջ անհանգստութիւններէ կը տառապէր եւ հայրը ֆիզիքապէս եւ նիւթապէս ի վիճակի չէր օգնութեան հասնելու անոր։ Ուրեմն որպէս վերջին ճար, դիմած էր մեր Խմբագրութեան, խնդրելով որ արձագանգ ըլլայինք իր դժուար կացութեան։

Ուրախ ենք յայտարարելու որ ազդը կարդալով եւ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ խորհրդակցելով, Ընդհանուր Քարտուղարուհի Տիկին Մարգրիտ Արսլան անմիջապէս կապ հաստատեց մեզի հետ։ Անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ստանալէ ետք Տիկին Մարգրիտ կապ հաստատեց նաեւ 85ամեայ անճար հօր հետ։ Ձեւակերպութիւնները կազմակերպուեցան կայծակնային արագութեամբ։ Ընդհանուր Քարտուղարուհին 85ամեայ տիկինը հիւանդանոց փոխադրեց եւ սենեակ մը տրամադրելով, անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ըրաւ դարմանումներուն համար։ Յայտնի դարձաւ որ կարօտ ընտանիքը նախապէս որեւէ դիմում չէ կատարած Հիւանդանոցին, մինչդեռ հիւանդը կը տառապի մտային ու ֆիզիքական լուրջ հիւանդութիւններէն։

Գոհ ենք որ Ատենապետ Պր. Պետրոս Շիրինօղլու եւ Ընդհանուր Քարտուղարուհի Տիկին Մարգրիտ Արսլան, անգամ մը եւս փաստեցին Հիւանդանոցի «Ազգին Տուն»ը ըլլալու հանգամանքը։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/300823lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın