Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ՝ Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ բարեյիշատակ Կարօ Գալէնտէրի ոգեկոչման համար կազմակերպուած պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Մրցաշարքին մասնակցեցաւ 6 խումբ եւ հանդիպումները առիթ դարձան 36 երիտասարդ մարզիկի մրցապայքարին։ Ինչպէս միշտ, մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ լուսահոգի Կարօ Գալէնտէրի արուեստագիտուհի այրին՝ Ովսաննա Գալէնտէր, որ յուզումնախառն զգացումներով հետեւեցաւ խաղերուն՝ մինչ ջերմօրէն ու յարգանքով շրջապատուեցաւ ակումբի վարչայիններուն կողմէ։
Մրցաշարքը հաճելի պահեր պարգեւեց մարզասէրներուն։ Արդիւնքին մարզիչ Արման Գարայի խումբը զբաղեցուց առաջին հորիզոնականը։ Խաղերէն վերջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւն եւ բոլորը նկարահանուեցան՝ ի յիշատակ այս հաճելի մրցաշարքին, բոլորուելով հոգելոյս Կարօ Գալէնտէրի բարոյական ներկայութեան շուրջ։
Հոգելոյս Կարօ Գալէնտէր, որ մարզական շրջանակներուն ծանօթ էր՝ որպէս «Սարը Կարօ», երկար տարիներ անձնուրաց մասնակցութիւն բերած էր Շիշլի մարզակումբի գործունէութեան, սատարած էր պասքեթպոլի ճիւղի զարգացման։
İlk yorum yapan siz olun