Գնալը Կղզիի մէջ, 27 Օգոստոս 2023, Կիրակի, երեկոյեան իր աւարտին հասաւ Նաւասարդեան Խաղերը, որ հոծ թիւով մասնակիցներու ներկայութեամբ վերածուեցաւ աննախընթաց տօնակատարութեան։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ ու օրհնութեամբ, ինչպէս նաեւ Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան գլխաւոր օժանդակութեամբ կազմակերպուած խաղերու փակման հանդիսութեան եւս մասնակցեցաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։
Մեր Հոգեւոր Հետը, ժամը 19.30-ին, Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ընկերակցութեամբ, մասնակցեցաւ պաշտօնական հիւրերուն ի պատիւ սարքուած սիրոյ սեղանին։ Մեր Հոգեւոր Պետին կողքին էին նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։
Նաւասարդեան Խաղերու փակման արարողութեան մասնակցելու համար փութացած էին Ստանպուլի Երեսփոխան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Կղզեաց Գաւառապետ Տքթ. Մուսթաֆա Այհան, Թուրքիոյ Ոտնագնդակի Դաշնութեան Գործադիր Խորհուրդի Անդամ եւ Թուրքիոյ Ամաթէօր Մարզական Խումբերու Ընդհանուր Նախագահ Ալի Տիւշմէզ, Գարակէօզեան Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Թրքահայ Վաքըֆներու Միութեան Ատենադպիր եւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլու, Համահայկական խաղերու Ստանպուլի յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասու, ԱՔ Կուսակցութեան Կղզեաց Նախագահ Սինա Շէն, Գնալը Կղզիի Գիւղապետ Էրտալ Այտըն, Գնալը Կղզիի Լողաւազանը վարչութեան նախագահ Փրօֆ. Տթք. Էմրէ Պուչքին, Շիշլիի Մարմնամարզական Ընկերութեան Նախագահ Ալէն Թէքպըչաք, Գնալը Կղզիի Մարմնամարզական Միութեան Փոխ-Նախագահ Աւետիս Հիլքաթ, Լոյս Մէտիայէն Արամ Քուրան, ինչպէս նաեւ համայնքային մարմիններէ վարիչներ։
Պատրիարք Հայրը, այստեղ հիւրերուն ուղղելով իր խօսքը, ուրախութիւնը յայտնեց որ Գնալը Կղզիի մէջ կրկին անգամ կը համախմբուէին Նաւասարդեան Խաղերու առիթով։ Անցեալ տարուան նման պաշտօնական մարմիններու եւ յատկապէս Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան ներդրումներով սոյն կազմակերպութիւնը շրջանցած էր կղզիին սահմանները։ Այս մէկը առիթ կը դառնար, որպէսզի հարիւրաւոր մարզիկ եւ հազարաւոր անձինք այս խաղերու շունչով զգան միասնականութեան ոգին։
Մեր Հոգեւոր Պետն ու հիւրերը, ժամը 21.00-ին ուղղուեցան դէպի Հրանդ Պարսամեան Մարզադաշտ։ Հանդիսաւոր մուտքէն յետոյ, անոնք դիմաւորուեցան խաղերու կազմակերպիչներուն կողմէ եւ սկսան հետեւիլ փակման հանդիսութեան։
Քարօլին Մամիկոնեան եւ Սարօ Պէնկլեանի հանդիսավարութեամբ սկսաւ մրցանակաբաշխութիւնը, որով ոտնագնդակի, վոլէյպոլի, պասքէթպոլի, նարտի, ճատրակի, թէնիսի մարզերու մէջ թափնեկիրներ կարգաւ ստացան իրենց մրցանակները։
Հանդիսութեան սկիզբը բեմ հրաւիրուեցան Հայկարամ Քարասուի եւ Ալէն Թէքպըչաքի գլխաւորութեամբ, Համահայկական խաղերու վօլէյպօլի մարզին մէջ երկրորդ հանդիսացած իգական խումբի մարզիկները, ինչպէս նաեւ մարզիչներ Անժէլ Ելէկէն եւ Ալէն Նարսիւզ։ Մեր Հոգեւոր Պետին ձեռամբ, ի յիշատակ Նաւասարդեան Խաղերէ իրենց յանձնուեցան յուշանուէրներ եւ գնահատուեցաւ իրենց յաջողութիւնը բոլոր ունկնդիրներու կողմէ։ Մեր Հոգեւոր Պետը, յանձնեց նաեւ Նաւասարդեան Խաղերու արդար խաղացողներու մրցանակները եւ շնորհաւորեց զանոնք։
Կազմակերպութեան առթիւ յատուկ գնահատանքի արժանացան Յարութիւն Քուրան եւ Ռաֆֆի Քալք, ինչպէս նաեւ իրենց ներդրումը բերած բոլոր կամաւորները։
Երբ իր աւարտին հասաւ մրցանակաբաշխութիւնը, յաջորդիւ բեմ բարձրացաւ նշանաւոր երգիչ Հանտէ Եէնէր եւ իր երգերով առաւել եւս ոգեւորեց հարիւրաւոր ունկնդիրները։ Այսպէս իր աւարտին հասաւ փակման հանդիսութիւնը գնահատանքին արժանանալով բոլոր ներկաներուն։
http://Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun