İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) Իսթանպուլի ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ, յառաջիկայ օրերուն քաղաքիս մէջ պիտի նշուի աշխարհահռչակ երաժշտագէտ, դասական երաժշտութեան անկրկնելի առասպել եւ անմոռանալի յօրինող Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակը։ Սա արդէն միջազգային բնոյթով յոբելեան մըն է, քանի ընդգրկուած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի օրացոյցին վրայ։ Յամենայնդէպս, հայաշխարհէն ներս այս յոբելեանին առթիւ կը կազմակերպուին զանազան ձեռնարկներ, որոնց ի լրումն Իսթանպուլի մէջ ալ բարձր մակարդակով ծրագիր մը կեանքի պիտի կոչուի։ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան միջոցէ մը ի վեր արդէն իր ուշադրութեան կիզակէտին կը պահէ այս նախագիծը։

Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը ցարդ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպած է երկու կարեւոր համերգ։ Առաջինն էր՝ «Քատանս» համոյթի ելոյթը, որ զուգադիպած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի շրջանին։ Երկրորդն էր՝ անցեալ տարուան «Կոմիտաս» քառեակի համերգը, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան հիմնադրութեան 30-ամեակին առթիւ։ Ուրեմն, Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակին մօտալուտ համերգը պիտի գայ համալրել այս շարքը՝ որպէս երրորդ փուլ։ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը այս յոբելեանը քաղաքիս մէջ կազմակերպելու համար համագործակցած է՝ Երեւանէն Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին եւ քաղաքէս՝ Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան եւ «Pera» թանգարանին հետ։ Բաց աստի, Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը այս ծրագրին համար մասնաւորապէս կը համագործակցի մեծանուն դաշնակահար Շահան Արծրունիի հետ, որու խորհուրդներով եւ ցուցմունքներով կը բնորոշուի ամէն ինչին ընդհանուր ուղղութիւնը։ Շահան Արծրունի արուեստագէտ մըն է, որ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ ամբողջ աշխարհի մէջ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները գերագոյն մակարդակով կը մեկնաբանէ, նաեւ սերտօրէն կը համագործակցի Երեւանի Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին հետ։ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ պաշտօնավարութեան տարիներուն ծանօթութիւն ունեցած է Շահան Արծրունիի հետ, ականատես եղած է անոր գործունէութեան այս կարեւոր երեսակին, ուստի, այդ բոլորը այժմ կը ծառայեցուին Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած այս կարեւոր ծրագրի յաջողութեան։

Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակին առթիւ Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած ծրագիրը կը բաղկանայ երկու փուլէ, որու հիմնական ձեռնարկը պիտի ըլլայ՝ 21 սեպտեմբեր 2023, հինգշաբթի, ժամը 19.30-ին, Հարպիյէի «Cemal Reşit Rey (CRR)» համերգասրահի երդիքին տակ նախատեսուած մեծ համերգը։ Այս հանդիսաւոր երեկոյթին ընթացքին հանդէս պիտի գան Երեւանէն «Խաչատուրեան» եռեակը եւ քաղաքէս՝ Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան սենեկային նուագախումբը՝ խմբավար Օլեքսանտր Սամոյլենքոյի մականին ներքեւ։ Երեկոյթի սկիզբին հանդիսատեսները հնարաւորութիւն պիտի ունենան նաեւ դիտելու շատ յատկանշական գծաֆիլմ մը, որ պատրաստուած է Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին նախաձեռնութեամբ եւ կը ցոլացնէ հռչակաւոր վարպետի արտասահմանեան ուղեւորութիւններու խտացումը։ Այս համերգին մուտքը ամբողջովին պիտի ըլլայ ազատ, անվճար, որպէսզի երաժշտասէրները հնարաւորութիւն ունենան ըմբոշխնելու Արամ Խաչատուրեանի արուեստը, հաղորդ դառնալու անոր երաժշտութեան։ Մշակուած յայտագրի եզրափակիչ փուլն ալ բացառիկ վայելք մը պիտի ըլլայ ունկնդիրներուն տեսակէտէ՝ քանի եռեակն ու նուագախումբը միասնաբար Խաչատուրեանի «Սուրերու պարը» պիտի կատարեն բեմին վրայ։ Յայտագիրը պիտի բաղկանայ բացառապէս Արամ Խաչատուրեանի յօրինումներէն։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը ապահոված է, որպէսզի Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուի CRR համերգասրահը։ Նոյն շրջանակին մէջ ներկայացուցչութիւնը անհրաժեշտ համապատասխան աշխատանքը տարած է նաեւ պատկան բոլոր մարմիններուն հետ։ Նախաձեռնութեան յաջողութեան գրաւականներէն մին է, որ Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան ղեկավարութեան մաս կը կազմէ յայտնի մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան, որ Երեւանի Պետական երաժշտանոցի շրջանաւարտներէն մին է ու ներգրաւուած՝ կազմակերպչական աշխատանքներուն։

Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակին առթիւ, բացի այս համերգէն, նախատեսուած է նաեւ ասուլիս մը։ Ծրագրին այս երեսակը պաշտօնական-դիւանագիտական շրջանակներուն համար պիտի ըլլայ եւ բացառապէս պիտի կարողանան մասնակցիլ անոնք, որոնք պիտի ունենան անուանական հրաւէր։ Նախագծին այս փուլը տեղի պիտի ունենայ Թեփէպաշըի «Pera» թանգարանին մէջ։ Ասուլիսի ընթացքին հիմնական զեկուցում մը պիտի ներկայացնէ Շահան Արծրունի, որու առընթեր ատենախօսներու շարքին պիտի ըլլան Թուրքիայէն երկու յայտնի երաժշտագէտներ՝ Եիւքսէլ Քոփտակէլ եւ Էվին Իլեասօղլու, ինչպէս նաեւ Երեւանէն Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի տնօրէնուհի Արմէն Գրիգորեան, որ միեւնոյն ժամանակ «Խաչատուրեան» եռեակի դաշնակահարուհին է։ Այս ասուլիսը պիտի վարէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Ասուլիսի աւարտին, Հայաստանի ներկայացուցչութեան յատուկ փափաքին ընդառաջ՝ ներկաներուն համար Արամ Խաչատուրեանի գործերէն մին պիտի նուագէ Շահան Արծրունին։ Ներկայացուցչութիւնը այս կատարումը յատկապէս կը կարեւորէ, որովհետեւ ասուլիսի մասնակիցներուն համար Արամ Խաչատուրեանի արուեստին հետ կենդանի շփումը անգնահատելի նշանակութիւն պիտի ունենայ։ Մնաց որ, թէեւ Շահան Արծրունի իսկապէս շատ հանգամանօրէն արտայայտուելու ի վիճակի է Արամ Խաչատուրեանի մասին, սակայն, վերջին հաշուով՝ զրկանքի մը համազօր կրնայ ըլլալ իրմէ նաեւ գոնէ մէկ կատարում լսելու հնարաւորութեան մսխումը, այդ ալ վարպետ դաշնակահարին ներկայութեամբ։

Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման համար թրքահայ համայնքային շրջանակներէն կարող դէմքերէ բաղկացեալ կարգադիր յանձնախումբ մըն ալ գործի լծած է։ Այս յանձնախումբին գործունէութիւնը կը համակարգէ լրագրող-հրապարակագիր Արա Գօչունեան։ Կարգադիր յանձնախումբը, ըստ էութեան, նոյն կազմը ունի՝ Հայաստանի ներկայացուցչութեան կողմէ կազմակերպուած նախորդ համերգներու նման կազմակերպչական խումբերուն հետ։

Հարկ է նշել, որ Սահակ Սարգսեան Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակի ձեռնարկներուն ընդառաջ քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ իր օրհնութիւնը փոխանցած է յոբելենական ծրագրին համար։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F28-08-2023-արամ-խաչատուրեան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın