Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Գնալը Կղզիի մէջ 24 Օգոստոս 2023, Հինգշաբթի, ժամը 21.00-ին, տեղի ունեցաւ երիտասարդական համերգ մը։ «Մենք ԵՐԳենք» կոչուած երաժշտական երեկոյթներուն շարքը Կազդուրման Կայանի Գրիգոր Ճամպազեան խաղավայրին մէջ շարունակուեցաւ եւ այս անգամ բեմ բարձրացան «փոփ» եւ «ռաք» երաժշտութեան հակում ունեցող տաղանդաւոր երիտասարդներ։ Սոյն հանդիսութիւնը նաեւ նշանակալից կը դառնար, քանի կը զուգադիպէր նաեւ ծրագրի հաստատման առաջին տարելիցին։
Հանդիսութեան կը գլխաւորէր Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, իր կողքին ունենալով Սեւան Աթաօղլուն եւ Արի Հէրկէլը։ Հանդիսութեան մասնակցեցան նաեւ երիտասարդներու ընտանիքները, վարչայիններ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երիտասարդներ։
Հանդիսութեան սկիզբը ողջոյնի խօսք արտասանեց Սեւան Աթաօղլուն եւ սոյն կազմակերպութեան իրականացման առթիւ իր ուրախութիւնը յայտնեց։ Այս առթիւ, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր՝ իր հովանաւորութեան ու օրհնութեան համար, ինչպէս նաեւ Յարութիւն Վարդապետին՝ ծրագրի կազմակերպութեան համար։ Յիշեց նիւթապէս եւ բարոյապէս համերգի իրականացման մէջ իրենց ներդրումը ունեցած բոլոր հաստատութիւններն ու անհատները, որոնց մէջ առանձնացուց՝ Յակոբ Մամիկոնեանը եւ Արի Հէրկէլը, որպէս երաժշտութեան խորհրդատուներ։
Կարգաւ բեմ բարձրացան «Պակաս», «Սօլանում» եւ «Տը Սթրէնճըրս» երիտասարդական երաժշտական խումբերը եւ հանդէս եկան հայերէն, թրքերէն ու անգլերէն երգերով։ Խումբերը կազմուած են համայանքային վարժարաններու աշակերտներու կողմէ, ընդհանրապէս իրենց լիսէի ուսման տարիներուն։ Անոնք անցեալ տարի եւս բեմ բարձրացած էին Գնալը Կղզիի մէջ, նոյն ծրագրի շրագիծով։ Երիտասարդներու մօտաւորապէս երկու ժամուայ ներկայացումի ընթացքին, յատկապէս իրենց տարեկիցները մեծապէս ոգեւորուեցան ու պարերով ընկերացան խումբերու ներկայացումներուն։
Երեք խումբերու ներկայացումէն յետոյ, հանդիսութեան ոգեւորութիւնը առաւել եւս տարածուեցաւ երբ համայնքիս հանրածանօթ «Ոմանք» խումբը բեմ բարձրացաւ եւ մեծ յաջողութեամբ ներկայացուց Հայերէն երգեր։ Այս պահուն եւս ներկաներ ժողովորդական երգերուն միացան պարերով, բան մը որ ունկնդիրներուն բարձր տրամադրութիւնը կը ցուցադրէր։
Շուրջ երեք ժամուայ երաժշտական գիշերը, իր աւարտին հասաւ ընտանեկան խմբանկարով, որմէ յետոյ խումբերու անդամները ընդունեցին շնորհաւորնքներ ու բարեմաղթութիւններ։
Photo: Bolis Photo
Հանդիսութիւնը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյս «Լրաբեր» կայքէջի միջոցաւ՝
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun