İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅՃԱՐ-Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ՄԵԾԱՐՈՒԵՑԱՆ ԵՐԵՔ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐ

Երէկ, «Հայճար» յատկանշական ձեռնարկով մը նշեց իր հիմնադրութեան 16-րդ տարեդարձը, որ առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան, միեւնոյն ժամանակ, երախտագիտական տուրքի մատուցման։ Տարեդարձի հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի շէնքէն ներս։ «Հաւաք» սրահի երդիքին տակ, «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Նազար Շիկահեր եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները, որոնց շարքին էին այս մասնագիտական խմբաւորման կարգ մը հիմնադիրները, նախկին վարչայինները, անդամները եւ համակիրները։

«Հայճար»ի վարչութիւնը գնահատելի մտայղացումով մը այս տարուան տարեդարձի ձեռնարկը մեծարանքի հանդիսութեան մը ձեւաչափին մէջ նախատեսած էր։ Այսպէս, երէկ երեկոյեան յուշանուէրներ յանձնուեցան երէց սերունդէ երեք կարկառուն եւ իսկապէս նուիրեալ դէմքերու։ Տարեդարձի օրուան մեծարեալները հանդիսացան՝ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան բազմամեայ ատենադպիր եւ երախտաշատ կրթական մշակ Արամ Գամպուրեան, հեղինակաւոր ճարտարապետ Յովսէփ Սարաֆեան եւ ճարտարագէտ Հրաչ Քըրմըզըեան։ Անոնք ջերմօրէն շրջապատուեցան ներկաներուն կողմէ, մինչ իրենց յուշանուէրները ստացան ծափողջոյններու ներքեւ։ Այս երեք անուններն ալ Հանրապետական շրջանին թրքահայ համայնքէն ծնունդ առած իսկական արժէքներ են։ Այժմ անոնցմէ միայն Արամ Գամպուրեանը կը շարունակէ Թուրքիոյ մէջ բնակիլ, իսկ միւս երկու պարգեւատրեալները արդէն երկար տասնամեակներէ ի վեր արտասահմանի մէջ գործունէութիւն կը ծաւալեն՝ միշտ պահելով իրենց կապը ծննդավայրին հետ։ Այսպէս, Յովսէփ Սարաֆեան հաստատուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, իսկ Հրաչ Քըրմըզըեանի կեանքի ոդիսականը կ՚ընդգրկէ զանազան երկիրներ՝ երկար ատենէ ի վեր հանգրուանած ըլլալով Ֆրանսայի մէջ։ Այս երեք մեծարեալներուն ալ գործունէութիւնը ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով առընչուած է «Հայճար»ի առաքելութեան եւ նպատակներուն հետ՝ մանաւանդ, որ անոնք զանազան առիթներով կ՚աջակցին այս խմբաւորման եւ իրենց հնարաւորութիւնները ի սպաս կը դնեն անոր համար։

Տարեդարձի հաւաքոյթի յայտագրի գործադրութենէն վերջ, «Հայճար»ի ընտանիքի անդամները բաժնեցին նոր շրջան մը ողջունելու ուրախութիւնը եւ իրենց անկեղծ երախտագիտութեան առարկայ դարձուցին օրուան պարգեւատրեալները։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/25-08-2023-հայճար-ի-հիմնադրութեան-տարեդարձին-առթիւ-մեծարուեցան-երեք-արժանաւոր

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın