İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇԻՇԼԻԻ ԱԿՈՒՄԲԻ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ԽՈՒՄԲԸ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐՈՒ ԼԻԿԷՆ ՆԵՐՍ

Օրին գրած էինք արդէն։ Շիշլիի մարզական ակումբի ֆութսալի խումբը երկրորդ տարին անընդմէջ Թուրքիոյ լիկի ախոյեան հռչակուեցաւ, այս տարի եւս իրաւունք շահելով Թուրքիան ներկայացնելու Եւրոպայի ախոյեաններու լիկին մէջ։ Վիճականութեան արդիւնքով շիշլիցներու խումբը ընդգրկուեցաւ զտումի մրցաշարքի Ա. ենթախումբին մէջ, ուր իր մրցակիցներն են Նախիջեւանի «Արազ», գերմանական «Ժան Ռէկէնսպուրկ» եւ լաթվիական «Ռիկա» խումբերը։

Երէկ կայացան առաջին շրջափուլի մրցումները՝ Լաթվիոյ մէջ։ Շիշլիցներու մրցակիցը «Արազ» խումբն էր։ Խաղը վերջացաւ 1-9 արդիւնքով, ի նպաստ հակառակորդ խումբին։ Այսօրուայ մրցումը «Ռիկա»ի հետ է, իսկ վաղը՝ վերջին մրցումը «Ժան Ռէկէնսպուրկ»ի հետ։

Յաջողութիւն կը մաղթենք։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/240823lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın