İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Մենք ԵրգԵնք» Կը Տօնէ Իր Առաջին Տարին

Օգոստոս 2022ին՝ Պոլսոյ մէջ ծնունդ առնող «Մենք ԵրգԵնք» անուն երիտասարդական երաժշտական ծրագիրը զանազան ձեռնարկներով կը բոլորէ իր առաջին տարին:

24 Օգոստոս 2023 Հինգշաբթի գիշեր, Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» պարտէզին մէջ տեղի պիտի ունենայ երաժշտական խրախճանք մը, որուն բեմ պիտի բարձրանան Bagas, The Strangers, Solanum եւ Vomank խումբերը, որոնք պիտի ներկայացնեն իրենց յօրինումները եւ նաեւ պիտի երգեն հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն ծանօթ երգեր: Երաժշտասէր համայնքի համար մուտքը ազատ այս հանդիսութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենան նաեւ զանազան անակնկալներ:

«Մենք ԵրգԵնք» ծրագրին հեղինակ՝ Սեւան Աթաօղլու կը յայտնէ թէ՝ իր նպատակը երաժշտութեան միջոցով երիտասարդներու արտայայտուելու առիթ եւ միջավայր ստեղծել էր եւ արդէն կրցած է ի գործ դնել եւ յաջողիլ այս ուղղութեամբ:

«Մենք ԵրգԵնք» ձեռնարկները կը հովանաւորէ Թուրքիոյ Հայոց Ամենապատիւ Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իսկ ընդհանուր կազմակերպիչներն են Գնալը կղզիի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգեշնորհ Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան եւ Սեւան Աթաօղլու: Փոփ-ռոք երաժշտութեան խորհրդատուն Արի Հէրկէլ, իսկ դասական երաժշտութեան ու երգեցողութեան խորհրդատուն Յակոբ Մամիկոնեան է:

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın