Ս. Կոյս Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարին առիթով, Ն.Ա.Տ Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ, Գաւառի մեր համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, ընկերակցութեամբ Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեանի, այցելութիւն տուաւ Մալաթիոյ եւ Էլազըղի մեր ժողովուրդին։
Այսպէս, Տէր Հայրը 19 Օգոստոս 2023, Շաբաթ, այցելեց Մալաթիա եւ տեղւոյն Հայոց Գերեզմանատան Ս. Յարութիւն Մատրան մէջ հանդիպեցաւ Սէրտար Պոյաճըի գլխաւորութեամբ Մալաթիոյ համայնքի անդամներուն հետ։
Այստեղ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն ու յիշատակուեցան Մալաթիոյ մեր ժողովուրդի հին ու նոր բոլոր ննջեցեալները։
Յաջորդ օր՝ 20 Օգոստոս 2023, Կիրակի, առաւօտուն, Տէր Հայրը հասաւ Էլազըղ եւ տեղւոյն հայկական գերեզմանատան Ս. Նշան մատրան մէջ կատարուեցաւ կանոնական պաշտամունք։ Այստեղ տարիներ ետք, առաջին անգամ կատարուեցաւ խաղողի օրհնութիւն։
Յաւարտ արարողութեան, Տէր Հայրը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ թէ ինչպէս Ս. Կոյս Աստուածամայրը յօժար կամքով յանձնուած էր Աստուծոյ։ Ս. Կոյսը Գաբրիէլ Հրեշտակապետի աւետիսին պատասխանած էր ըսելով. «Քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի»։ Տիրամայրը այս խօսքով ի սրտէ կը յանձնուէր Տիրոջ կանչին եւ իր ամբողջ մաքուր կեանքին ընթացքին հնազանդ կը մնար Աստուծոյ խօսքին։ Ան մինչեւ այսօր բոլոր ազգերուն համարսուրբ է եւ երկինք փոխադրուած է։ Տէր Հայրը ըսաւ, որ Աստուած միշտ կ’օրհնէ խոնարհ հոգին եւ կը լսէ նման անձերու աղօթքը։
Ապա, Էլազըղի մեր համայնքի հանգուցեալ անդամներուն հոգւոցն ի հանգիստ կատարուեցաւ ընդհանուր պաշտօն։
Գաւառի երկու կեդրոններու մէջ եւս, Տէր Հայրը փոխանցեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր Հայրական ողջոյններն ու օրհնութիւնները։
Տէր Հայրը նոյն իրիկուն վերադարձաւ Հաթայ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun