Երէկ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ի յիշատակ լուսահոգի ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Հոգեհանգստեան կարգի ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ հանգուցեալ Նշան Եաղուպեանի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։
Եկեղեցիէն վերջ, հոգեհանգստեան պաշտօնի մասնակիցները համախմբուեցան նաեւ հանգուցեալի՝ թաղի գերեզմանատան շիրմին շուրջ։ Իր մահուան առաջին տարելիցին առթիւ, այստեղ եւս առ Աստուած հոգեհանգստեան աղօթք բարձրացուեցաւ Նշան Եաղուպեանի հոգւոյն հանգստութեան համար։ Իր բարոյական ներկայութեան շուրջ համախմբուածները բիւր յարգանքով վերյիշեցին անոր քաղցր յիշատակը՝ մանաւանդ վաստակը։ Ոգեկոչման արարողութիւններուն մասնակցեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի, Ղալաթիոյ խնամակալութեան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան եւ ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ողբացեալին ազգականները։
İlk yorum yapan siz olun