ՈՉ ԵՒՍ Է ՄԱՐՄԱՐԱ-Ի ՊԱՏՈՒԱԿԱԼ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑ՝ ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
….
Նոր շաբաթը կը սկսինք տխուր լուրով մը։ Բօթը կուգայ Հայաստանի Ուշի գիւղէն։ Կորսնցուցինք Մարմարա-ի հաւատաւոր բարեկամ մը եւս, որու հոգին ու սիրտը ամբողջ կեանքի ընթացքին կը տրոփէին հայկականութեամբ…։ Ոչ եւս է երկարամեայ կրթական մշակ եւ տնօրէն, իրաւ հայրենասէր, հրապարակագիր Մարգար Շարապխանեան, որ անխախտ բարեկամութիւն մը ունէր մեր Խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի եւ մեր խմբագրակազմին հետ։
Մարգար եւ Էլիզ Շարապխանեանները, երկուքն ալ Մարմարա-ի խմբագրակազմի համար շատ սիրելի դէմքեր, 2007էն ի վեր մնայուն բնակութիւն հաստատած էին հայրենիքի մէջ։ Ապրելու վայր ընտրած էին Արագածոտն մարզի Ուշի գիւղը, տարբեր գոյն եւ որակ հաղորդելով գիւղի առօրեային ու համայնքային կեանքին։
Տիկին Էլիզ Շարապխանեանի «Ուշիի օրագրութիւն»ներուն շնորհիւ Ուշին Ուշի դարձաւ եւ մեծ ժողովրդականութեան տիրացաւ յատկապէս Սփիւռքի մէջ, շատեր այդ օրագրութիւններուն, Շարապխանեան ամոլի ներկայութեան շնորհիւ սիրեցի՛ն Հայաստանը, սիրեցի՛ն Ուշին, տուն գնեցին գիւղին մէջ, սփիւռքահայութեան շունչը եւս բերելով Արագած լերան փէշերուն տակ ծուարած այդ գիւղին։
Պր. Մարգար լիովին կրցաւ արժեւորել իր կեանքը՝ որպէս տիպար հայրենասէր եւ կրթական մշակ։ Ծնած էր Յունաստան, 1937ին, ուսանած էր Իտալիոյ մէջ, յետոյ գաղթած էր Գանատա, Թորոնթօ, ուր գտած էր իր կեանքի ընկերուհին՝ Տիկին Էլիզը։ Թորոնթոյի մէջ հիմնած էր ՀՕՄի ամենօրեայ վարժարանը եւ երկար տարիներ վարած էր տնօրէնի պաշտօնը, հասցնելով հայասէր ու հայրենասէր սերունդ մը։ Բախտաւոր էր, որովհետեւ իր աշակերտներուն մեծ մասը, հետեւելով տնօրէնի օրինակին, այսօր կը շարունակեն հայակերտումի սուրբ գործը՝ զանազան մարզերէ ներս։
Պր. Մարգար շա՜տ կը սիրէր Հայաստանը։ Անսահման էր հայրենի երկրի նկատմամբ հիացումն ու կարօտը։ Անյագ կարօտի զգացումն է որ ստիպեց որ 2007ին Մարգար եւ Էլիզ Շարապխանեանները բոյն հաստատեն հայրենի երկնքի տակ, տուն գնեն գիւղ Ուշիի մէջ եւ դառնան… գիւղի խորհրդանիշերէն մէկը, մինչ որդիները՝ Վազրիկ ու Յովիկ մնացին Գանատա, իրենց ծննդավայրին մէջ։
Եթէ Գանատայի մէջ Պր. Մարգարի համար սուրբ պարտականութիւն էր սերունդներ հասցնելու ուսուցչագործութիւնը, ապա Ուշիին մէջ առաջնահերթութիւնները տարբեր էին. այստեղ գիւղը զարգացնելու, գիւղական բարքերը փոխելու, գիւղի մէջ ապրող երիտասարդ ընտանիքները հայրենի հողին վրայ պահելու, ծնունդներու թիւը քաջալերելու հրամայականները կեանքի մայրամուտին նոր աւիւն ներշնչեցին մեր յարգելի աշխատակցին։ Գիւղացիները շատ բան կը պարտին գանատահայ ամոլին, որոնց օգնութեամբ «գովազդուեցաւ» իրենց համայնքը եւ սիրուեցաւ երկրի սահմաններէն դուրս։
Վերջին տարիներուն առողջական հարցեր ունէր Պր. Մարգար, բայց միշտ ոտքի էր, կենսունակ ու առոյգ։ Երկու հատոր ունէր հրատարակուած. առաջինը լոյս ընծայած էր անկախութեան առաջին տարիներուն եւ կը կոչուէր «Դարձ դէպի հայրենիք», երկրորդը յայտնի յոյն գրագէտ Նիքոս Քազանճաքիսի գործերու թարգմանութիւնն էր։ Վերջին ամիսներուն իր կողակցի՝ Տիկին Էլիզի խմբագրութեամբ հրատարակութեան կը պատրաստուէր հրապարակագրութիւններու հատորը։ Յառաջիկայ ամիսներուն ողբացեալին գրական վաստակը պիտի արժեւորուի եռահատոր տպագրութեամբ։
Ամիս մը առաջ, Յուլիսին, ընտանիքը համախմբուեցաւ. որդիները Վազրիկն ու Յովիկը, հարսերը՝ Գայիանէն եւ Դալարը, անուշիկ թոռնիկները՝ Նայիրա եւ Արին, Դուինը, Տաթեւն ու Սեւանը Գանատայէն Ուշի գացին եւ կուշտ ու կուռ երկու շաբաթ մը անցուցին ծնողներուն հետ։ Կարծես անոնց գալուստին եւ վերջին անգամ զանոնք վայելելուն կը սպասէր Պր. Մարգար։
Այս առտու, երբ կը խօսէինք իր այրիին՝ Տիկին Էլիզին հետ, ան պատմեց որ զաւակներու մեկնումէն ետք, առողջութիւնը աւելի տկարացաւ, կեանքի նշոյլները կամաց-կամաց հանգեցան եւ Շաբաթ օր Պր. Մարգար աւանդեց իր հոգին։
Զաւակները այս իրիկուն Հայաստան պիտի հասնին։ Պր. Մարգարի մարմինը տեղափոխուած է Աշտարակի «Սգոյ տուն»երէն մէկը, ուր վաղը իրիկուն Հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի։ Չորեքշաբթի պիտի կատարուի յուղարկաւորութիւնը եւ նորոգ հանգուցեալին մարմինը հողին պիտի յանձնուի Ուշիի գերեզմանատան մէջ։
ՄԱՐՄԱՐԱ իր խոր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Շարապխանեան ընտանիքին, մեր պատուակալ աշխատակից Տիկին Էլիզին ու զաւակներուն, բոլոր մերձաւորներուն։
Յիշատակն արդարոց, օրհնութեամբ եղիցի։
İlk yorum yapan siz olun