İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ

Շիշլիի Մարմնամարզական Ընկերութեան նախաձեռնութեամբ եւ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ գործակցութեամբ, 19 Օգոստոս 2023, Շաբաթ, 08.30-ին, քայլարշաւ մը կազմակերպուեցաւ։ Մասնակիցներու շարքին էր Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ինչպէս նաեւ Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Լեւոն Շատեանի գլխաւորած Կղզեաց Թաղային Խորհուրդի անդամները, Ալէն Թէքպըչաքի գլխաւորած Շիշլի Մարմնամարզական Ընկերութեան վարիչներն ու անդամները, ինչպէս նաեւ Գնալը Կղզիի Գիւղապետ Էրտալ Այտըն ու կղզեցիներ։

Այնուհետեւ, Շաբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերուն մասնակիցներ համախմբուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Բոլորին համար ուրախութիւն էր վայելել Պատրիարք Հօր անմիջականութիւնը։ Շուրջ մէկ ժամուայ քայլարշաւի ընթացքին մասնակիցներ շրջեցան Կղզիի զանազան տեսարժան վայրերուն շուրջ եւ ի վերջոյ կրկին անգամ համախմբուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւրիչ Եկեղեցին։ Արշաւի վերջին փուլին խումբին միացաւ նաեւ Ստանպուլի Երեսփոխան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն։

Արձակումէ առաջ Պատրիարք Հայրը ունեցաւ նաեւ ելոյթ մը եւ մաղթեց որ աւանդական բնոյթ մը ստանայ սոյն ծրագիրը։ Ուրախութիւն էր, որ կղզեցիներու մասնակցութեամբ իրականացած էր քայլարշաւը։ Այս առթիւ շնորհաւորեց Շիշլիի եւ Գնալը Կղզիի եկեղեցւոյ ներդրումը, ինչպէս նաեւ գիւղապետի մասնակցութիւնը եւ Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հայր Սուրբին գործակցութիւնը։

Մեր Հոգեւոր Պետը նաեւ շեշտեց առողջապահութեան համար մարմնամարզութեան կարեւորութիւնը։ Համայնքի անդամները համախմբող բոլոր նախաձեռնութիւնները կարեւորեց եւ ըսաւ, թէ՝ գովելի են այն բոլոր ծրագիրները որ մեր ժողովուրդի անդամները միասնականութեամբ գործելու կ՚առաջնորդեն։ Այս առումով կոչ ուղղեց, որ նման ծրագիրները շատնան, որպէսզի մեր ժողովուրդը առաւել եւս համախմբուելու առիթները միշտ ունենայ։

Յաջորդիւ եկեղեղւոյ պարտէզը արտասնուեցաւ Տէրունական Աղօթք եւ քայլարշաւը իր աւարտին հասաւ Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın