İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵՐ ՎՈԼԷՅՊՈԼԻՍՏՈՒՀԻՆԵՐԸ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՆ

Համահայկական խաղերը վաղը կը հասնին իրենց աւարտին։ Բացի մէկ երկու մարզաձեւերէն, որոնց եզրափակիչները կը կայանան այսօր, միւս մարզաձեւերու մրցանակակիրներու անունները յայտնի են։ Այս խաղերու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով մարզիկ-մարզիկուհիները ո՛չ թէ եզրափակիչ խաղերէն ետք ստացան իրենց մրցանակները, այլ հանդիսաւոր պայմաններու տակ հաւաքուեցան, ցոլացնելով խաղերու հիմնական կարգախօսը՝ «միասնութեան կանչ»ը։

Թուրքիայէն Երեւանի մէջ մնացած էին միայն Իսթանպուլի վոլէյպոլի կիներու խումբի մարզիկուհիները, որոնք յաջող խաղարկութիւններէն ու յաղթանակներէն ետք յաջողեցան հասնիլ մինչեւ եզրափակիչ փուլ։

Երէկ, կէսօրուայ ժամերուն, մեծաթիւ մարզասէրներ հեռավար կապով հետեւեցան աւարտական խաղին, ուր Իսթանպուլի խումբը որպէս մրցակից ունէր յաղթանակի գլխաւոր յաւակնորդներէն մէկը՝ Երեւանի խումբը։ Մեր խումբէն ներս հանդէս եկան Լարա Տիւվէնճի, Երազ Պէշիկթաշլեան, Սալբի Մոր, Մարալ Շիմշէք, Տեսիլ Գարա, Թամար Եաշկիւչլիւքալ, Արեւ Շիմշէք, Նաիրա Աքաւաֆեան, Պերիլ Հանչէր, Պերֆին Տէմիրճեան՝ որպէս խմբապետ ու Գարուն Ալկան։ Խումբի մարզիչն էր մարզանքի փորձառու ուսուցչուհի Անժէլ Ելէկէն։

Խաղին կը հետեւէին Իսթանպուլի յանձնախումբի Ատենապետ Հայկարամ Գարասու եւ խումբ մը այլ մարզասէրներ։

Անոնք, որոնք դիտեցին խաղը անպայման կը հաստատեն որ մեր խումբի անդամները մինչեւ վերջ պայքարեցան յաղթանակի համար, իրենց դիմաց ունենալով արհեստավարժ խումբ մը։ Թէեւ յաղթող հռչակուեցաւ «Երեւան»ի խումբը՝ 3-2 արդիւնքով, բայց մերինները թէ՛ շատ լաւ խաղարկութիւն ցոյց տուին, թէ՛ կարեւոր փորձառութիւն ձեռք ձգած եղան, մեծ ուրախութիւն պատճառելով Իսթանպուլահայութեան։

Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերուն, Շարլ Ազնաւուր հրապարակին վրայ։ Գեղեցիկ ու հանդիսաւոր արարողութեամբ մը մրցանակակիրները բարձր տրամադրութեան ներքեւ ստացան իրենց մետայլները։

Պարգեւատրման արարողութեան յատուկ տօնականութիւն ու տրամադրութիւն հաղորդեց Հալէպի երեք միութիւններէն «Ֆանֆար» խումբը։ Նուագախումբի տղաները հանդիսաւոր տողանցքով մր Հիւսիսային պողոտայէն քալեցին դէպի Շարլ Ազնաւուր հրապարակ։ Անոնք իրենց գեղեցիկ կատարումներով համահայկականի տրամադրութիւնը փոխանցեցին հիւրերուն ու բնակիչներուն։

Պարգեւները մարզիկներուն յանձնեցին համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի գործադիր կոմիտէի անդամներ՝ Շահան Սէմէրճեան (Լիբանան), Աւետիս Մարկոսեան (Պրազիլ), Պերճ Հալաճեան (Եգիպտոս), Փոլ Քիշեան (Գանատա), Հերմինէ Տիւզեան (Ֆրանսա, Վրէժ Շառոյեան (Հալէպ), Կարէն Մկրտչեան (Ռուսաստան), ինչպէս նաեւ համաշխարհային կոմիտէի պատուակալ անտամներ Հայկարամ Գարասու (Թուրքիա) եւ Ռոպէրթօ Ալվարօ (Արժանթին)։

Մեր խումբի անդամուհիներն ու մարզիչը, «Անի փլազա» պանդոկէն հետիոտն քալեցին դէպի Հիւսիսային պողոտայ, հոնկէ Ազնաւուրի անուան հրապարակ, ուր միւս մրցանակակիրներու հետ միասին, ստացան արծաթեայ մետայլները։

Իսթանպուլի մարզական պատուիրակութեան վերջին մարզիկները այս առտու Հայկարամ Գարասուի եւ Անժել Ելէկէնի հետ միասին վերադարձան Իսթանպուլ։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/180823lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın