Պոլսահայ սիրուած երգիչ Պարթեւ Կարեան, ընկերակցութեամբ Արի Հերկելէ, Ռաֆֆի Տէրգէորգեանէ, Սայաթ Տալտալէ եւ Ռոպէր Տողանայէ կազմուած «Առագաստ Նուագախումբ»ի, 15 Օգոստոս 2023, Երեքշաբթի, հանդէս եկաւ «Մեսրոպաշունչ Երգեր» խորագրեալ երաժշտական յայտագրով։ Հանդիսութիւնը արտասովոր ոգեւորութիւն մը կը ստեղծէր, քանի նախ նուիրուած էր Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքին եւ կոչուած էր «Մեսրոպաշունչ Երգերու» գիշեր։
Հանդիսութեան կը գլխաւորէր Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, իր մօտն ունենալով Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէ, Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասէ, Կազդուրման Կայանէ անդամներ, յայտնի երաժիշտ Մաժակ Թոշիկեան, ինչպէս նաեւ «Մենք Երգենք» ծրագրէն Սեւան Աթաօղլու եւ երաժշտական խորհրդատու Յակոբ Մամիկոնեան։
Հանդիսութեան սկիզբը Պարթեւ Կարեան ծանօթութիւններ տուաւ հանդիսութեան խորագրին մասին եւ ըսաւ, թէ՝ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ դարաւանդը իրեն համար բարոյական իմաստ մը ունէր, քանի Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի առաջարկով առաջին համերգը այստեղ տուած էր։ Հետեւաբար, այստեղ կատարուած յիշատակութիւնը ձեւով մը պարտք կը համարէր։
Ապա, հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ երգերու մասին։ Հանդիսութեան ընդացքին Մարալ Աթաման եւ Լարա Նարին եւս անակնկալ ներկայացում մը ունեցան։ Առ այդ մերթ յուզումնալի մերթ զուարթ երգերը մեծապէս ոգեւորեցին ներկաները։ Հանդիսութեան աւարտին, Պարթեւ մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներու կողմէ։
Հուսկ բանքը արտասանեց Յարութիւն Վարդապետ եւ ըսաւ, որ Պարթեւը եւ ընկերները, սոսկ երգիչ եւ կամ նուագող չեն անուաներ Գնալը Կղզիին մէջ։ Այլ անոնք կը կոչուին բարեկամներ, որոնք եկած են իրենց բարեկամները երաժշտութեամբ ոգեւորելու։ Այլապէս շեշտեց, որ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանումէն յետոյ Ներսէսեան Դպրաց Դասով հաստատուած էր Մեսրոպաշունչ գիշերը եւ համավարակէ յետոյ ուրախութիւն էր նոյն խորագրեալ գիշերուան շարունակութիւնը։ Հայր Սուրբը, նաեւ ըսաւ թէ՛ արտասահմանի մէջ յատկապէս Պոլսահայ շրջանակներէ ներս երբ հանդիպումներ կ՚ունենար, այդտեղ օրակարգի կուգար Պարթեւի մասնակցութեամբ համերգ կազմակերպել։ Հետեւաբար, Պարթեւ արտասահմանի մէջ եւս համակրանքի արժանացած էր եւ ուրախութիւն էր լսել այս մասին։
Հանդիսութիւնը աւարտի հասաւ «Հայորդիք» երգով ու ծափերով։
Photo: Bolis Photo
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun