….
Մեր փոխխմբագրապետուհի Տիկին Նաիրա Սիւզմէ կը տեղեկացնէ Հայաստանէն.-
Համահայկական խաղերու շունչը կը շարունակէ թեւածել հայկական երկնակամարին վրայ։ Կան անհատներ կամ շրջանակներ, որոնք կը քննադատեն խաղերը յատկապէս Արցախահայութեան համար տագնապալի ա՛յս օրերուն կազմակերպելու համար, բայց գերակշռող է նաեւ այն կարծիքը որ նորահաս սերունդը պէտք է կապել Հայաստանին, իսկ այս խաղերը այդպիսի լաւագոյն առիթ են Սփիւռքահայ գաղութներէն ներս։
Խաղերու զտումի մրցումները վերջացած են, կարգ մը մարզաձեւերու մէջ յայտնի են նաեւ մետալակիրները։
Մեր պատուիրակութեան մեծամասնութիւնը վերադարձած է Իսթանպուլ։ Երեւան մնացած էին միայն վոլէյպոլի այրերու եւ կիներու ու պասքէթպոլի այրերու խումբերը։ Վոլէյպոլի եւ պասքէթպոլի այրերու խումբերը երէկուայ խաղերու արդիւնքով դուրս մնացին մրցանակային տեղերու համար պայքարէն։ Տրուած ըլլալով որ այսօր թռիչք չկար, անոնք վա՛ղը պիտի վերադառնան Իսթանպուլ։ Այն ժամերուն երբ թերթս կը պատրաստէինք հրատարակութեան, վոլէյպոլի կիներու խումբը մրցում կ’ունենար։ Վերջին վայրկեանի լուրն այն է որ մեր վոլէյպոլիստուհիները յաղթեցին եւ դուրս եկան կիսաեզրափակիչ։ Անոնք վաղը պիտի մրցին Կլէնտէյլի խումբին դէմ։
İlk yorum yapan siz olun