Երէկ, Գնալըի մէջ Ս. Աստուածածնի տօնի կրօնական հանդիսութենէն քանի մը ժամ յետոյ, տեղի ունեցաւ նաեւ ֆութպոլի խրախճանք մը։ Այս նախաձեռնութիւն երկրորդ տարին է որ կը կազմակերպուի կղզիի մէջ եւ կը կատարուի Ս. Աստուածածնի տօնի օրը։
Երէկուայ փառատօնը կարեւոր դէմքեր հիւրընկալեց կղզիին մէջ։ Ա-Գէ-Փէցի հայ երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլուի առաջնորդութեամբ կղզի այցելեց Երիտասարդութեան ու Մարզանքի նախարար Օսման Աշքըն Պաք։
Նախարարը կղզի հասաւ ծովափնեայ անվտանգութեան պետական նաւով։ Նաւամատոյցին մօտ Նախարարը եւ ընկերակիցները դիմաւորուեցան կղզեաց Թաղային Խորհուրդի անդամներուն կողմէ, գլխաւորութեամբ Լեւոն Շատեանի եւ Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի։ Հոն էին նաեւ մեր մարզական երկու ակումբներու վարիչները։ Հիւրերն ու դիմաւորողները միասնաբար քալեցին նուագախումբի ընկերակցութեամբ, հասնելով Կազդուրման Կայանի Ճամպազեան խաղավայր։ Հոն տեղի ունեցաւ ֆութպոլի մրցումը։
Ի մէջ այլոց խօսք առին նաեւ Նախարարը եւ երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։ Օսման Աշքըն Պաք խանդավառ ոճով պատմեց թէ որքան մօտ կը զգար ինքզինք հայ համայնքին, որքան մեծ թիւով հայ բարեկամներ ունէր, նաեւ փոխանցեց Հանրապետութեան Նախագահի յատուկ ողջոյնները, յիշեցնելով որ Նախագահ Էրտողան նախկին ֆութպոլիստ էր եւ այդ տարիներուն ճանչցած էր Թաքսիմ մարզական ակումբի ատենապետ Կարօ Համամճըօղլուն։ Նախարարը իր խօսքերը վերջացուց ըսելով որ ուրախ է հայ համայնքին կողմէ հիւրընկալուելու համար եւ միշտ պատրաստ է մասնակցելու որեւէ ձեռնարկի, եթէ հրաւէր գայ իրեն։
Սեւան Սվաճըօղլու իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Նախարարին, որ ազնուութիւնն ունեցած էր ընդառաջելու հրաւէրին ու մասնակցելու այս խրախճանքին։
Մրցումը սկսաւ Նախարարի փենալթըի հարուածներով։
İlk yorum yapan siz olun