ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԵՐՍԻՆԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ
Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը պաշտօնական այցելութիւններու ծիրէն ներս 11 Օգոստոս 2023-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Մերսինի Կուսակալ Ալի Համզա Փեհլիվանի։ Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանային Գաւառի համայնքներու տեսուչ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Իսքենտերունի Ծխական Խորհուրդի ատենապետ՝ Եուսուֆ Թապաշեան։
Մեծայարգ կուսակալը, որ անցեալ տարի ծանօթացած էր Նորին Ամենապատուութեան հետ, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ այս տարի եւս հանդիպում ունեցած էր։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց մեծայարգ կուսակալին իր գործունէութեանց մէջ։
Կուսակալութեան պաշտօնարանէն բաժնուելէ յետոյ ցամաքի ճամբով Մերսինէն մեկնեցաւ դէպի Հաթայ։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱԹԱՅԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժամը 16.00-ին այցելեց Հաթայի Մայր Քաղաքապետութեան պաշտօնարանը։ Մայր Քաղաքապետ Տոց. Տքթ. Լիւթֆի Սավաշ պաշտօնական անակնկալ հանդիպումի մը համար քաղաքէն դուրս կը գտնուէր, հետեւաբար Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունուեցաւ Մայր Քաղաքապետի Փոխանորդ՝ Ատնան Էօզքայայի կողմէ, որ Մեծայարգ Մայր Քաղաքապետի ողջոյնները փոխանցեց ու օրուան այցելութեան ի յիշատակ յուշանուէր մը յանձնեց։ Երկրաշարժի գործած աւերներու դարմանման համար քաղաքապետարանի տարած աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններ տուաւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կ՚ուղեկցէին Արժ. Տ. Տ. Աւետիս եւ Շիրվան Քահանայ հայրերը, Իսքենտերունի Ծխական Խորհուրդի ատենապետ՝ Եուսուֆ Թապաշեան եւ անդամներէն Լինտա Քափլան։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՌՍՈՒԶԻ ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր հետեւորդներով այցելեց Առսուզի Ս. Յովհաննէս Ուղղափառաց Եկեղեցին, որ երկրաշարժէն մեծապէս վնասուած էր։ Եկեղեցւոյ մուտքին Նորին Ամենապատուութեան բարի գալուստ մաղթեցին Իսկենտերունի եւ Առսուզի Սուրբ Եկեղեցեաց Երէց՝ Արժ. Տ. Տիմիթրի Եըլտըրըմ, Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճէմիլ Թուրան եւ խորհրդականներ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ի տես եկեղեցւոյ աւերեալ վիճակին իր ցաւը յայտնեց եւ հայրական օրհնութեամբ մխիթարեց ներկայ հաւատացեալները եւ յիշեցուց, որ աղօթակից էր իրենց այս դժուարին պահերու յաղթահարման համար։ Վերջին օրհնութեան աղօթքը արտասանելէ յետոյ մեկնեցաւ։
Նոյն գիշեր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իսկենտերունի Ծխական Խորհուրդի անդամներուն հետ համախմբուեցաւ սիրոյ սեղանի շուրջ եւ երկրաշարժէն յետոյ փոքր վնասներ կրած բնակարաններու վերանորոգութեան համար ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշի եւ խորհրդականներուն տարած վճռական աշխատանքները գովեց եւ իրենց յաջողութիւն մաղթեց։
Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հետեւորդները գիշերեցին Իսկենտերունի Լատին Կաթոլիկ Վանքին մէջ։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԻՍԿԵՆՏԵՐՈՒՆԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը 12 Օգոստոս, Շաբաթ, ժամը 10.30-ին վանքի սեղանատան մէջ հանդիպում ունեցաւ քաղաքի հայ համայնքի անդամներուն հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը յետ երկրաշարժի երկրորդ հովուապետական այցելութիւնն էր որ կը շնորհէր։ Առաջինին ցաւ զգացած էր, քանի որ համայնքի բազմաթիւ անդամներ երկրաշարժի պատճառով այլ քաղաքներ փոխադրուած էին։ Այս անգամ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ շատեր վերադարձած էին եւ առիթը ունեցած էր իրենց հետ զրուցելու։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր մխիթարական խօսքերով յայտնեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը նեցուկ կը կանգնէր իրենց։ Մեր հոգեւոր պետը հայրական խօսքերով գովեց Տ. Աւետիս Քահանան եւ ծխական խորհուրդի ատենապետ՝ Եուսուֆ Թապաշը, որոնք երկրաշարժի պատահած առաջին իսկ մէկ օրէն յանձն առած էին աշխատակցիլ Պատրիարքարանի հետ կատարուած բոլոր աշխատանքներուն։ Այս հանդիպումին ներկայ համայնքի անդամները առիթ ունեցան արտայայտուելու եւ իրենց որդիական սէրը յայտնելու Նորին Ամենապատուութեան։
ՍԱՄԱՆՏԱՂԻ ՄԷՋ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իսկենտէրունէն բաժնուելով ուղղուեցաւ դէպի Սամանտաղ, այն գաւառակը որուն սահմաններուն մէջ կը գտնուի Վաքըֆգիւղը։
Նորին Ամենապատուութիւնը, ժամը 15.30-ին այցելեց Սամանտաղի Գաւառապետ՝ Մուրատ Աքսույի։ Գաւառապետարանի մուտքին մեր հոգեւոր պետն ու հետեւորդները դիմաւորուեցան Վաքըֆգիւղի Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Ճէմ Չափարի, Վաքըֆգիւղի Գիւղապետ՝ Պերճ Քարթունի եւ Կարպիս Քուշի կողմէ։ Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին մեր Հոգեւոր Պետը յաջողութիւն մաղթեց յարգելի գաւառապետին, որ կը պաշտօնավարէր երկրաշարժի հետեւանքով ծանր աւերներ կրած շրջանի մը մէջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայր գաւառապետարանէն յետոյ իր հետեւորդներով այցելեց Սամանտաղի Քաղաքապետ՝ Րէֆիք Էրեըլմազի։ Մեր Հոգեւոր Պետը նոյնպէս ընդգծեց ծանր աւերներ կրած շրջանի մը մէջ պաշտօնավարելու դժուարութիւնները, մանաւանդ որ տակաւին կը շարունակուէր փլուզումները։ Այս նեղ պայմաններու մէջ յօգուտ քաղաքի իրագործելի շինարարական աշխատութեանց մէջ քաղաքապետին յաջողութիւն մաղթեց։
ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Քաղաքապետարան այցելութենէն յետոյ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հասաւ Վաքըֆգիւղ, ուր կը տիրապետէր ապրուած երկրաշարժի աւերուածութեան մթնոլորտը, այս առումով տհոլ ու զուռնայով կատարուած աւանդական խանդավառ դիմաւորութիւնը տեղի չունեցաւ։ Գիւղացիներ սիրով շրջապատեցին Նորին Ամենապատուութիւնը, որ այցելեց Ս. Աստուածածին Եկեղեցին, որուն զանգակատունը, աւագ սեղանը եւ մկրտարանը աւերուած էր։ Պատրիարք Հայրը տեսաւ գիւղի եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ հաւաքուած կիները, որոնք հարիսայի ցորենը կը մաքրէին։ Այս տեսարանը մխիթարական որակեց Պատրիարք հայրը, քանի գիւղացիներ կապուած կը մնային իրենց աւանդական սովորութիւններուն։
Ժամը 18:30-ին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ ժողովուրդի մասնակցութեամբ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամասացութիւն եւ աղօրհնէք։
Ժամը 23.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը յետ կատարուած աղօթքի, բոցավառեց հարիսայի կաթսաներու կրակները։
ԿԻՐԱԿԻ
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարի Սուրբ Պատարագը մատուցուեցաւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Մշակոյթի Կեդրոնի սրահին մէջ։ Ժամը 10.00-ին սկսած Սուրբ Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Աւետիս Քահանայ Թապաշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրկ. Ալէն Քուշ եւ Բրկ. Եուսուֆ Թապաշ ուրարակիր դպիրները։ Երգեցողութիւնները վարեց Արժ. Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։
Նախ քան Տէրունական Աղօթքը քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադառնալով Ս. Աստուածածնի վերափոխման իմաստին, շեշտեց որ կը դիմենք իր բարեխօսութեան։ Գիւղի ժողովուրդին թելադրեց որ միասնականութեան ոգի դրսաւորեն։ Յիշեցուց որ օրհնութիւնը կու գար հոն, ուր սիրոյ միութեան ներկայութիւնը զգալի կը դառնար։ Քարոզի վերջաւորութեան ընդգծեց Քրիստոսի խօսքին կարեւորութիւնը։ Յիշեցուց, որ Քրիստոս նոր պատուիրան տուած էր իր առաքեալներուն ըսելով. «ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, դուք ալ սիրեցէք զիրար։ Եթէ դուք զիրար սիրէք՝ ատով ամէնքը պիտի գիտնան թէ դուք իմ աշակերտներս էք» (Յովհաննէս, 13.34-35)։
Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք, ապա հարիսայի օրհնութիւն եւ պաշտօն գիւղի վախճանեալ հոգեւոր սպասաւորներուն եւ գիւղացիներուն հոգւոցն ի հանգիստ։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին սարքուեցաւ Սիրոյ Սեղան, որմէ յետոյ Նորին Ամենապատուութիւնը մեկնեցաւ դէպի Ատանա եւ օդային ճամբով վերադարձաւ Ստանպուլ՝ իր Աթոռը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun