İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Համահայկական 8րդ խաղեր

ՄԵՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

….

Մեր փոխխմբագրապետուհի Տիկին Նաիրա Սիւզմէ կը տեղեկացնէ մեզի.-

Մեծ ուրախութիւն է պտըտիլ Երեւանի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ եւ ասդին ու անդին տեսնել մեր պատուիրակութեան անդամները։ Շատեր արդէն լաւապէս ծանօթ են իրենց շուրջբոլորին. գնումներ կը կատարեն, ազատօրէն կը զբօսնուն եւ բարեկամութիւններ կը հաստատեն հայրենի երկրէն ներս։

Այսօր համահայկական 8րդ խաղերու հինգերորդ օրն է։ Երէկ, ինչպէս գրեցինք արդէն, այրերու վոլէյպոլի խումբը յաղթանակ տարաւ Վրաստանի խումբին դէմ։ Մեր պատուիրակութեան թենիսիստներու խումբը եւս լաւ խաղարկութիւն ցոյց կուտայ. Թեմի Սիլահլը նոր յաղթանակ մը տարաւ։

Ճատրակի խումբի անդամները տեղ գրաւեցին մրցաշարային աղիւսակի միջնամասին մէջ, կորսնցնելով մրցանակային տեղեր գրաւելու կարելիութիւնը։

Մարզիկներու եւ հիւրերուն մէկ մասը այս առտու վերադարձաւ Իսթանպուլ։

*

Խաղերու Իսթանպուլի յանձնախումբի Ատենապետ Հայկարամ Գարասու օրուայ մեծ մասը կ’անցընէ խաղերու կեդրոնատեղիի կամ սա կամ նա մարզաձեւի դաշնակցութեան կեդրոններուն մէջ, մրցումներու թուականները, ժամն ու վայրը ճշդելու քննարկումներուն մասնակցելու համար։ Ան խանդավառ է եւ կ’ըսէ որ կարեւորը մասնակցութիւնն է, համընդհանուր մարզական այս տօնը վայելելու եւ հայրենիքի մէջ այսպիսի յիշարժան օրեր ապրելու հաճոյքն է որ տիրական է թէ՛ իր, թէ պատուիրակութեան մեծամասնութեան մօտ։

Խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամ Ալէն Թէքպըչաք հիւրընկալուեցաւ պետական ձայնասփիւռին կողմէ եւ Մոնրէալի եւ Փարիզի ներկայացուցիչներուն հետ միասին իր տպաւորութիւնները բաժնեց ունկնդիրներուն հետ։ Ալէնն ալ նշանակալից կը նկատէ միասնութեան գաղափարը, վստահ է որ այսպիսի միջոցառումներ անկասկած մեկնակէտը պիտի դնեն ու արդէն իսկ դրած են նոր ծանօթութիւններու եւ ընկերութիւններու համար։ Ես, նաեւ մեր պատուիրակութեան անդամներու գերակշիռ մեծամասնութիւնը ուրախ է Երեւանեան օրերէն, գոհ է մրցումներուն մասնակցելու համար իրենց շնորհուած կարելիութիւններէն, երէկ պատմեց Ալէն Թէքպըչաք, յիշեցնելով նաեւ որ Երեւան գալէ առաջ հանդիպում մը ունեցած էին Թուրքիոյ ֆութպոլի դաշնակցութեան ղեկավարին հետ։ «Քանի որ Հայաստանի ու Թուրքիոյ ֆութպոլի ընտրանիները յառաջիկային մրցում մը պիտի ունենան Թուրքիոյ մէջ, մեզի համար կարեւոր էր այցելել Մեհմետ Պիւյիւքէքշիին եւ իրմէ լսել որ ան եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի ընտրանին շատ բարձրամակարդակ ընդունելութեան արժանացած էին Երեւանի մէջ, խումբերու առաջին մրցումի առիթով», ըսաւ Ալէն Թէքպըչաք, վստահութիւն յայտնելով նաեւ որ համահայկական խաղերը նոյնպէս նպաստաւոր գետին պիտի պատրաստեն Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլային խաղին ընդառաջ։

*

Կայացաւ նաեւ խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նիստ մը. Իշխան Զաքարեան եւ գործակից ընկերները, այս կարգին Իսթանպուլի մեր պատուիրակները, քննարկեցին խաղերու արդիւնքներն ու կարգ մը խնդիրներ։ Որոշուեցաւ նաեւ Ասամպլեայի նիստ մը գումարել եւ փոփոխութիւններ կատարել խաղերու կանոնադրութեան մէջ։

Տրուած ըլլալով որ այսօր, 11 Օգոստոս ազատ օր է, որոշուեցաւ կազմակերպել մասնակիցներու ազատ ժամանցը։ Գալով խաղերու փակման, յայտարարուեցաւ որ փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Գառնիի տաճարի մօտ։

Պտոյտներու շրջագծով երէկ հիւրերն ու փափաքողներ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ Օշական, տեսան Մեսրոպ Մաշտոցի դամբարանը եւ աղօթեցին։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/110823lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın