İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԵՐՍԻՆԻ ՄԷՋ

Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տաղաւարին առթիւ Վաքըֆգիւղի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան արարողութեանց նախագահելու համար 10 Օգոստոս 2023, Հինգշաբթի առաւօտուն Գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի ուղեկցութեամբ օդային ճամբով մեկնեցաւ Ատանա։

Նորին Ամենապատուութեան Ատանայի Շաքիր Փաշա Օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ դիմաւորուեցաւ Հաթայի Եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ եւ Գաւառի Համայնքներու Հոգեւոր Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի եւ Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Եուսուֆ Թապաշեանի կողմէ։

Պատրիարք Հայրը եւ հետեւորդները ցամաքի ճամբով անցան Մերսին, ուր քաղաքի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հոգիւ Հայր Ռօշան Վարդապետի եւ քաղաքի Հայ համայնքէն Շահին Քըսատուրի կողմէ։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԵՐՍԻՆԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժամը 14.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Մերսին Մայր քաղաքապետ Վահապ Սէչէրի։ Այս հանդիպումին Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ եղան Արժ. Տ. Տ. Աւետիս եւ Շիրվան Քահանայ Հայրերը։

Մեծայարգ քաղաքապետը բարի գալուստ մաղթեց մեր Հոգեւոր Պետին եւ ուրախութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար։ Անդրադառնալով ահաւոր երկրաշարժի գործած աւերներուն, յայտնեց, թէ քաղաքապետարանի բոլոր կարելիութիւնները զօրաշարժի ենթարկած էին, հասնելու համար աղցէտեալներու ծով կարիքներու դիմագրաւման։ Նորին Ամենապատուութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ շեշտեց, թէ Մերսինը կարեւոր տեղ ունեցած էր օժանդակութեան փութալու առումով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց որ օժանդակութենէն բաժին ստացած էր նաեւ աղէտի գոտիի համայնքի անդամները։

Տեսակցութեան աւարտին մեծայարգ քաղաքապետը յայտնեց, թէ քաղաքապետարանը պատրաստ էր ընթացք տալու Նորին Ամենապատուութեան եւ համայնքի անդամներու խնդրանքներուն։ Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ազնիւ արտայայտութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց իր ընկերային ու մարդասիրական գործունէութեանց մէջ։

ՄԵՐՍԻՆԻ ՅՈՅՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր հետեւորդներով ժամը 15.00-ին այցելեց Մերսինի Սրբոց Միքայէլ եւ Գաբրիէլ Հրեշտակապետաց Յոյն Ուղղափառաց Եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Անտիոքի Պատրիարքութեան Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Փաւլոս Վարդապետ Օրտուլուօղլուի, եկեղեցւոյ հովիւներ՝ Արժ. Տ. Տ. Ճան Տէլլիւէր եւ Իսպիր Թէյմուր քահանաներու եւ եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Ճան Արաթի կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը հոգեւոր երգերով առաջնորդուեցաւ եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ աղօթասացութիւն։ Ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ ի ներկայութեան հաւատացեալներու Հայր Փաւլոս Վարդապետ յանուն հոգեւորական դասուն, եկեղեցւոյ վարչութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, անոր համար որ Հայոց Պատրիարքութիւնը առաջին իսկ մէկ օրէն աղէտեալներու կողքին կանգնած էր։ Հաղորդեց Անտիոքի Յունաց Յովհաննէս Ժ. Պատրիարքի յատուկ ողջոյնները եւ շնորհակալութիւնները յայտնեց։

Նորին Ամենապատուութիւնը ներկայ հաւատացեալներու հետ զրոյց ունեցաւ եւ իր գոհունակութիւնը ու գնահատանքը յայտնեց անոր համար, որ քաղաքի եւ շրջակայի քրիստոնեայ հաւատացեալները երկրաշարժի աղէտին հետեւանքով յառաջացած վէրքերը դարմանելու ուղութեամբ ցուցաբերած էին քրիստոնէական կեցուածք։ Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամները շնորհաւորեց եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ ներկայ հաւատացեալներուն։

ՄԵՐՍԻՆԻ ԼԱՏԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Յոյն Ուղափառաց Եկեղեցիէն յետոյ մեր Հոգեւոր Պետը իր հետեւորդներով այցելեց քաղաքի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցին, ուր կատարուած կարճ աղօթասացութենէն յետոյ եկեղեցւոյ սեղանատան մէջ մէկտեղուեցաւ քաղաքի Հայ համայնքի անդամներուն հետ։

Ջերմ հանդիպումի ընթացքին հաւատացեալներ առիթը ունեցան իրենց հոգեւոր պետին հետ զրուցելու եւ լուսաբանուելու կրօնական նիւթերու շուրջ, որուն համար շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ ամէն առթիւ իր հովուապետական ներկայութեամբ կը մխիթարէր զիրենք։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած որդիական ջերմ ընդունելութեան համար եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հոգիւ Հայր Ռօշան Վարդապետի եւ ներկայ Հայ համայնքի անդամներուն։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın