ՄԵՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՆ ՈՒ ՊՏՈՅՏՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ
Մեր փոխխմբագրապետուհի Նաիրա Սիւզմէ կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Երեւանեան օրերը ուրիշ երանգ մը ստացած են համահայկական 8րդ խաղերու լոյսին տակ։ Մեր մարզական պատուիրակութեան անդամները զանազան մրցավայրերու մէջ խաղերուն կը մասնակցին, իսկ հիւրերը կը շարունակեն պտըտիլ եւ տեսարժան վայրերու գեղեցկութիւնը վայելել բարձր տրամադրութեամբ։
Այո՛, վստահօրէն կրնանք պնդել որ խաղերը միայն առիթ են Հայաստան այցելելու եւ Իսթանպուլ եւ Սասուն խումբերու անունով ներկայանալու համար, անդին կայ ուրիշ նպատակ մը որ կարեւորութեան տեսակէտէ գերիվեր կը մնայ։ Հայրենի երկրի հետ ծանօթութիւնը, եթէ առաջին անգամ կուգան, իսկ եթէ նախապէս եկած են, նորօրեայ իրականութիւնները արժեւորելու եւ կապերը ամրապնդելու լաւատես զգացումները։
Երէկուայ մրցումներու շրջագծով առաջին անգամ համահայկական խաղերուն մէջ ունեցանք հեծանիւավազքի մարզիկ մը, յանձինս Ժիլտա Պալի։ Մրցավայրը Սեւանի մայրուղին էր, թէեւ նախապէս յայտարարուած էր որ մրցումնային հեռաւորութիւնը աւելի երկար պիտի ըլլար, բայց որոշուեցաւ 12 քիլոմեթրով սահմանափակել զայն։ Ժիլտա 9րդ տեղը գրաւեց 17 մարզուհիներու միջեւ եւ եթէ նկատի ունենանք որ 9ը մարզուհիները Հայաստանը կը ներկայացնէին եւ մեծ մասը տեղ գրաւեցին առաջին դիրքերուն վրայ, ուրեմն Ժիլտայի արդիւնքը գոհացուցիչ է։
Պասքէթպոլի Իսթանպուլ-Պիթլիս այրերու խումբը երէկ Տաշիր խումբին դէմ յաղթանակով վերջացուց մրցումը՝ 102-39 արդիւնքով։
Թենիսի մարզաձեւին մէջ Փառէն Մեծատուր 8-1 արդիւնքով յաղթանակ տարաւ Լոս Անճէլըսցի մրցակից Տերիք Իսրայէլեանի դէմ։ Թեմի Հիսարլը 8-4 արդիւնքով առաւելութեան հասաւ Երեւանէն մրցակից Մարիա Քինիեանի դէմ։
Փինկ փոնկ մարզաձեւին մէջ թէեւ կարգ մը մարզիկներ յաղթանակ տարին, բայց քանի որ մրցաշարքը խմբային էր, մեր մարզիկները զրկուեցան յետագայ պայքարին մասնակցելու իրաւունքէն։
Վոլէյպոլի կիներու խումբը Երեւանի դէմ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց։
Այսօր երբ հրատարակութեան կը պատրաստէինք թերթը, այրերու վոլէյպոլի խումբը կը մրցէր Վրաստանի խումբին դէմ։ Մերինները 3-1 արդիւնքով յաղթանակ տարին, կարեւոր նիշեր հաւաքելով յաջորդ փուլ անցնելու համար։
*
Երէկ ընկերակիցներու շրջապտոյտի երթուղին Խոր Վիրապի վանքն էր։ Անմոռանալի ու անկրկնելի զգացումներ ապրեցան մեր պատուիրակութեան հիւրերը, որոնք սահմանի շատ մօտիկ կէտէն տեսան Թուրքիան, Խոր Վիրապի վանքին մէջ աղօթեցին, փափաքողներ իջան վիրապ, ուր ճգնած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, իսկ վերադարձի ճամբուն վրայ այցելութիւնը անմահացուցին միասնաբար լուսանկարուելով վանքի գեղեցիկ համայնապատկերին դիմաց։
İlk yorum yapan siz olun