İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ ԱՆՑԸՆԵԼՈՒ ԳԻՆԸ

Այս օրերուն Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանն ու զբօսաշրջային քաղաքները լեցուն են հազարաւոր զբօսաշրջիկներով։ Պանդոկներուն մէջ պարապ տեղ չկայ, մանաւա՛նդ երեկոյեան ժամերուն կեդրոնական թաղամասերուն մէջ կեանքը կ’եռայ ու հիւրերը եւ զբօսաշրջիկները կը վայելեն երեւանեան գեղեցիկ գիշերները։ Լեցուն են նաեւ ամարանոցային ու զբօսաշրջային միւս քաղաքներու պանդոկները, լաւատեսութիւն ներշնչելով ապագայի մասին, եթէ ի հարկէ պատերազմի վտանգը վերնայ, ներքին-քաղաքական կեանքը վերագտնէ իր խաղաղ գնացքը եւ մարդիկ լծուին երկիրը զարգացնելու նպատակին։

Հայաստանի մէջ արձակուրդ անցընելը բաւական բազմածախս է ու շուկայական գիները բարձր են, գրեթէ համահաւասար եւրոպական չափանիշներուն։

Ամրան այս ամիսներուն հանգստեան գօտիներուն պանդոկներուն մէջ մէկ գիշերուայ գինը 50-150 տոլարի շուրջ է։ Լաւագոյն հանգստավայրերն են Դիլիջանը, Ծաղկաձորը, Ջերմուկն ու Սեւանը։ Դիլիջանի մէջ կը գործէ մօտաւորապէս 200 հիւրանոց ու հիւրատուն։ Հիւրատուներէն ներս գիները կը սկսին 15 հազար դրամէն (40 տոլար) եւ կը հասնին մինչեւ 60 հազար դրամի (155 տոլար)։ Պանդոկներուն մէջ գիները աւելի բարձր են. 25-30 հազար դրամէն մինչեւ 100 հազար (այսինքն մինչեւ 255 տոլար)։

Ծաղկաձորի մէջ կայ աւելի քան 70 պանդոկ ու կացարան։ Իջեւատուներու մէջ մէկ գիշերուայ արժէքը 12 հազար դրամ է (32 տոլար), իսկ պանդոկներու մէջ՝ 20-25 հազար դրամ (մինչեւ 60 տոլար)։

Ծաղկաձորին մէջ կան նաեւ պանդոկներ, ուր մէկ գիշերուայ համար վճարման գինը կը գերազանցէ 100 եւրոն. ատիկա կախեալ է սպասարկութենէն ու որակէն։

Ջերմուկի հիւրատուներու մէջ գիշերելու համար կը պահանջուի միջինը 15-20 հազար դրամ, իսկ պանդոկներու մէջ՝ 25-30 հազար դրամ։ Ի հարկէ կան նաեւ մատչելի պանդոկներ, ըստ սպասարկութեան ու կառոյցներու պայմաններուն։

Ամրան եղանակին Սեւանը հայերու եւ զբօսաշրջիկներու սիրելի վայրերէն է։ Յատկապէս Օգոստոս ամիսը հրաշալի ժամանակ է Սեւանի մէջ հանգստանալու համար։ Սեւանի հիւրանոցներուն մէջ մէկ գիշերուայ համար կարելի է վճարել 20-25 հազար դրամ (մինչեւ 75 տոլար), մինչդեռ հիւրատուներու մէջ գիները կը տատանին 8-20 հազար դրամի միջեւ։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/090823lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın