İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Համահայկական 8րդ խաղեր

ՄԵՐ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐ ՏԱՐԻՆ

….

Մեր փոխխմբագրապետուհի Նաիրա Սիւզմէ կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

«Անի Փլազա» պանդոկը կը յիշեցնէ ողիմպիական փոքրիկ մարզաւան մը։ Այստեղ, բացի «Իսթանպուլ» եւ «Սասուն» մարզական պատուիրակութիւններու անդամներէն, իջեւանած են քանի մը այլ քաղաքներու մարզիկները եւս, բայց ամենաբազմանդամ պատուիրակութիւնը մերի՛նն է։ Մեր մարզիկները հոս ու հոն են, ամէն վայրկեան պանդոկի նախասրահին մէջ շարժում մը կայ, մարզաձեւերու պատասխանատուներ իրենց շուրջ կը հաւաքեն մարզիկները՝ անոնց մարզական վերջին պատրաստուածութիւնները ստուգելու, ոգեւորելու եւ խրախուսելու համար։

Իսթանպուլի համահայկական խաղերու յանձնախումբի Ատենապետ Հայկարամ Գարասու գրեթէ ամէն օր խաղերու կեդրոնատեղին կ’երթայ քննարկումներ ունենալու, մարզաձեւերու մրցումներու առնչութեամբ կարգադրութիւններուն տեղեկանալու, առաջարկներ ներկայացնելու նպատակով։

Խանդավառիչ է նաեւ այն իրողութիւնը, որ անոնք որոնք որպէս մարզասէրներ չեն երթար մրցավայր, հետաքրքրական ուրիշ յայտագիր մը կ’ունենան եւ կը մասնակցին պտոյտներու՝ Հայաստանի տեսարժան վայրերը ճանչնալու համար։ Ինչպէս երէկ գրած էինք, այս գործը ինքնաբերաբար ստանձնած է Թամար Գարասու, որ ամէն երեկոյ՝ …. ի հետ միասին կը մշակէ յաջորդ օրուայ պտոյտի երթուղին ու այդպէս Հայաստանի գեղատեսիլ բնութիւնն ու պատմա-մշակութային յուշարձանները կը ծանօթացնէ Իսթանպուլահայ հիւրերուն։

Այսինքն ամէն կողմ շարժում մը կայ եւ իսկապէս հետաքրքրական է մեր խումբերուն առօրեան։

*

Համահայկական խաղերու երկրորդ օրը լաւ արդիւնքներ բերաւ մեր պատուիրակութիւններուն։

Վոլէյպոլի մարզաձեւին մէջ մեր այրերու խումբը 3-1 արդիւնքով յաղթանակ տարաւ «Քրասնոտար» (Ռուսաստան) խումբին դէմ։

Ֆութպոլի մարզաձեւին մէջ «Սասուն» խումբը հաւասարի մնաց Քուէյթի խումբին դէմ։ Խաղի արդիւնքը 1-1 էր։

Թենիսի մարզաձեւին մէջ Թալիա Կազէրօղլու 8-3 արդիւնքով յաղթանակ տարաւ Անի Սեկոյեանի դէմ, որ հանդէս կուգար Ռուսաստանի անունով։ Ժան Չոփուր պարտութիւն կրեց։

Ֆութսալի մարզաձեւին մէջ «Սասուն» խումբը 1-2 արդիւնքով պարտութիւն կրեց «Անթիլիաս» խումբի դէմ։

Պասքէթպոլի այրերու խումբը երկրորդ մրցումը ունեցաւ Մոնրէալի (Գանատա) խումբին դէմ։ Խաղը մինչեւ վերջ ընթացաւ հաւասար արդիւնքով, երեք անգամ երկարաձգուեցաւ եւ ի վերջոյ Մոնրէալցիներ յաղթական վերջին նետումով առաւելութեան հասան։

*

Գալով պտոյտներուն։ Երէկ որպէս ուղղութիւն ընտրուած էին Դիլիջանն ու Սեւանը։ Մեր մարզական պատուիրակութիւններուն ընկերացող հիւրերը առիթն ունեցան «առերեսուելու» Դիլիջանի անկրկնելի բնութեան հետ, նաեւ մակոյկներով զբօսնելու Սեւանայ լճի վրայ։

Երեկոյեան բոլորին համար «քէֆի» ժամեր էին։ Հաւաքուած էին «Փարվանա» ճաշարանային համալիրին մէջ՝ զուարճութեան եւ միասնական ապրումներու համար։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/090823lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın