«ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ» ԵՒ «ՍԱՍՈՒՆ» ԽՈՒՄԲԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 8ՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ
…
Մեր փոխխմբագրապետուհի Տիկին Նաիրա Սիւզմէ կը տեղեկացնէ Հայաստանէն.-
Հայաստանեան արձակուրդի օրերս նոր շունչ մը ստացած են Համահայկական 8րդ խաղերուն շնորհիւ։ Հիմա այլեւս ապրումները հաւաքական են եւ կը ցոլացնեն այն իրականութիւնը, որ ձեւաւորուած է տարուայ ամենաուշագրաւ միջոցառման շնորհիւ։ Մեզի՝ իսթանպուլահայերուս համար ամենատարբեր զգացումները միախառնուած են իրարու, կազմելով ամբողջական տրամադրութիւն մը։
Իջեւանած ենք «Անի Փլազա» պանդոկին մէջ։ Մեզի հետ միասին մարզական քանի մը այլ պատուիրակութիւններ նոյնպէս կան դուրսէն։ Առաջին յարկի ճեմասրահին մէջ տեսանք զանազան երկիրներու մարզահագուստներով մարզիկ-մարզուհիներ, զբօսաշրջիկներ, որոնք կա՛մ իրենց տեղական լեզուով, կա՛մ արեւմտահայերէնով կը խօսակցին, գեղեցիկ «մեղուաբոյն» մը կազմելով պանդոկին մէջ։
Մեր պատուիրակութիւններէն առաջին 33 հոգինոց կազմը ժամանեց 4 Օգոստոսին, իսկ հիմնական կազմը 5 Օգոստոսին հասաւ Երեւան։ Տրուած ըլլալով որ մարզական այլ պատուիրակութիւններ եւս նո՛յն ժամերուն, նոյն բազմանդամ կազմերով «Զուարթնոց» օդակայան հասած էին, ուրեմն ձեւակերպական խնդիրները նախատեսուածէն ուշ վերջացան։
Մարզիկները, մարզիչներն ու ընկերացողները՝ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամ Ալէն Թէքպըչաքի, «Իսթանպուլ» եւ «Սասուն» յանձնախումբերու Ատենապետներ Հայկարամ Գարասուի եւ Արամ Տէմիրի առաջնորդութեամբ կէսօրէն ետք հազիւ ժամը 3ին հասան պանդոկ։ Շատ քիչ ժամանակ կար գոնէ պատառ մը հաց ուտելու, յետոյ դէպի Կիւմրի ճամբայ իյնալու համար։
Ժամ մը յետոյ, բոլորս հաւաքուած էինք։ Մարզազգեստները շատ ճաշակաւոր պատրաստուած էին, «Իսթանպուլ» եւ «Սասուն» վերտառութիւններով ժապաւէններ կային շատ շատերու մօտ։ Վարիչները, խումբերուն պատասխանատուները, անոնց միջեւ ես, յատկապէս ա՛յս առիթով կարուած բաճկոններով եւ վզկապներով խումբին հետ էինք։ Յոգնութիւն չէի նկատեր մասնակիցներուն մօտ, պատասխանատուները միա՛յն լաւատեսական զգացումները կը փոխանցէին մարզիկներուն եւ հիւրերուն, որոնք խումբերուն հետ էին այս յիշարժան պահերուն մասնակից դառնալու համար։
Հինգ օթօպիւս տրամադրուած էր Թուրքիայէն ժամանած պատուիրակութիւններուն։ Խումբ առ խումբ, պատասխանատուներու գլխաւորութեամբ տեղ գրաւեցինք անոնց մէջ եւ շարժուեցանք դէպի Հանրապետութեան Հրապարակ։ Հոն եւս քանի մը օթօպիւսներ կային, այլ երկիրներու պատուիրակութիւններով լեցուն։
Ոստիկանական ինքնաշարժներու ուղեկցութեամբ սկսաւ դէպի Կիւմրի մեր երթը։ Կիւմրի հասանք այն պահերուն, երբ ասեղ նետելիք տեղ չկար դէպի «Շիրակ» մարզադաշտ, ուր պիտի կատարուէր բացման հանդիսութիւնը։
Մեր շարժավարները քանի մը անգամ հոսկէ-հոն անցնելով, նեղլիկ կամ ընդարձակ փողոցներէն պտըտելով հազիւ կրցան հասցնել այն վայրը, ուր պիտի հաւաքուէինք եւ յետոյ մուտք գործէինք մարզադաշտ։
Համաշխարհային յանձնախումբի անդամներ Ալէն Թէքպըչաք եւ Էֆրիմ Պաղ, յանձնախումբի պատուակալ անդամ Տիգրան Ալթուն, իրենց հանգամանքով ներսն էին, պատուակալ այլ հիւրերու հետ միասին տեղ գրաւած էին Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ պետական աւագանիի միւս անդամներու կողքին։ Հոգեւորականաց դասէն ո՛չ մէկը կար։ Կը խօսէինք միասնութեան ու համախմբումի մասին, բայց… ո՛չ Վեհափառ Հայրապետը կար, ոչ ալ ոեւէ հոգեւորական։
Դուրսը մեր պատուիրակութիւնը առաջնորդելու համար մեզի միացաւ նաեւ Տիկին Հայկանոյշ, որ Թուրքիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մարզական պատուիրակութիւններու համակարգողն էր։
Այնքա՜ն բազմամարդ էինք եւ այնքա՜ն շատ էին մարզական պատուիրակութիւնները, որ շատ դժուար եղաւ մեր մուտքը՝ մարզադաշտ։ Ի վերջոյ կրցանք մտնել մարզադաշտ եւ առաջնորդուիլ դէպի այն աթոռները, որոնք նախատեսուած էին Թուրքիոյ պատուիրակութիւններու համար։ Հոն էին նաեւ «Մարալ»ցիները, որոնց հետ ժամադրուած էինք նո՛յն առիթով ու նո՛յն ոգեւոր տրամադրութեամբ։
Յոգնած էինք, մեր վազվզուքը վերջ չունէր։ Երբ ներս մտանք արդէն պաշտօնական ելոյթներն ու գեղարուեստական բաժինը վերջացած էին։ Սկսած էր քաղաքներու մարզական պատուիրակութիւններու տողանցքը։ Հազիւ նստած էինք ու շունչ մը առած, երբ այս անգամ շքերթին մասնակցելու համար ոտքի ելանք ու պոչ կազմեցինք։ Անպատմելի զգացումներ էին. թէեւ յոգնած էինք, թէեւ շատ բան փախցուցած էինք, բայց անմիջապէս դարձեալ «վերակազմակերպուեցանք»։ Պր. Հայկարամ Գարասու, դուստրը՝ համայնքային գործիչ Թամար Գարասու, միւս վարիչները վարպետ գործ մը տեսան։ Մարզադաշտին մէկ անկիւնը հաւաքուեցանք, պարզեցինք մեր պատուիրակութեան դրօշակը, մեր կողքին առինք «Սասուն» խումբի մարզիկներն ու անոնց վարիչները եւ…։ Իսթանպուլ խումբի դրօշակակիրն էր Արաս Մէրտինեան, Սասունցիներունը՝ Էֆրիմ Տէմիրճի։
Ասկէ ետք ամէն ինչ տարբեր էր։ Քայլ առ քայլ մօտեցանք գլխաւոր բեմին ու սկսաւ մե՛ր տողանցքը։ Լոյսերուն մէջ կը ճառագէին բոլորիս դէմքերը, անբացատրելի ապրումներ ունէինք, յոգնութիւնը իր տեղը «զիջած էր» այն զգացումին, որ կ’արթննայ այսպիսի առիթներով։ Պատասխանատուներ ժապաւէնները պարզելով, մենք բոլորս ժպտերես եւ ուրախ պոռչտուքներով քալեցինք բեմէն, յետոյ վար իջանք ու ողջունեցինք պետական աւագանին, անոնց պատասխան ողջոյններն ալ ստացանք ձեռքերու թափահարումներով եւ այդպէս շարք առ շարք դարձեալ անցանք դէպի մեր աթոռները։
Երազը վերջացած էր…։ Յոգնութիւնը դարձեալ գլուխ բարձրացուցած էր, որովհետեւ գրեթէ բոլոր անքուն մնացած էին գիշերը, յետոյ 2.5 ժամ դէպի Կիւմրի ճամբորդութիւնը, ժամերէ ի վեր անօթի մնալը պատճառ դարձաւ որ դուրս ելլէինք մարզադաշտէին ու երթայինք դէպի մեր օթօպիւսները՝ նոյն կազմերով Երեւան վերադառնալու համար։ Հազիւ դուրս ելած էինք մարզադաշտէն, երբ ներսէն լսուեցան խորհրդանշական խօսքերը։ Համահայկական խաղերու ջահը վառելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ ողիմպիական կրկնակի ախոյեան, աշխարհի ու եւրոպայի բազմակի ախոյեան Արթիւր Ալեքսանեան։ Համահայկական խաղերու բացման հանդիսութիւնը վերջացաւ գեղեցիկ հրավառութեամբ։ Մենք դուրսէն դիտեցինք լոյսերու այդ հրաշալի պարը՝ հայկական երկնակամարին վրայ։ Մեզի կը սպասէր վերադարձի ճամբան։ Կրկին տեղաւորուեցանք օթօպիւսներուն մէջ, կիսաքուն կամ մրափելով հասանք «Անի Փլազա» պանդոկ։
Երէկ մարզական մրցումներ չկային։ Մեր պատուիրակութեան անդամներէն փափաքողներու համար հաճելի պտոյտ մը կազմակերպուած էր։ Այցելեցին Ս. Էջմիածնի Մայր տաճար, Ս. Գայիանէ եւ Ս. Հռիփսիմեանց վանքեր եւ տեսարժան քանի մը այլ վայրեր՝ Հայաստանեան յիշողութիւնները հարստացնելու համար։
Այս առտու մրցումները սկսան Երեւանի ու մերձակայ քաղաքներու մարզադաշտերուն վրայ եւ մարզասրահներուն մէջ։
Երբ թերթը կը պատրաստէինք հրատարակութեան, նոյն վայրկեաններուն մեր մարզական պատուիրակութեան անդամները միասնաբար յաջողութեան մաղթանքներով դէպի մրցավայր ղրկեցին պասքէթպոլի խումբի անդամները։
İlk yorum yapan siz olun