İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 8ՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ օր, 5 Օգոստոսին Համահայկական 8րդ խաղերու բացման հանդիսութիւնը Կիւմրիի «Շիրակ» մարզադաշտին վրայ համախմբեց աւելի քան 7000 մարզիկներն ու հիւրերը, միասնութեան, եղբայրութեան, սիրոյ ու համերաշխութեան պատգամներ փոխանցելով համայն հայութեան։

Հանդիսութիւնը ուղղակի սփռումով կը հաղորդուէր Հայաստանի պետական հեռատեսիլէն, բայց կարելի չեղաւ լիուլի վայելել գեղարուեստական այն բարձրորակ յայտագիրը, որ կազմակերպուած էր այս առիթով։ Հեռատեսիլային սփռումի ընթացքին անունները չյայտարարուեցան, չհասկցանք թէ մասնակիցներէն ո՞վ կամ որո՞նք բեմ կ’ելլեն։

Միջոցառումը սկսաւ համահայկական նախորդ խաղերու մասին պատմող տեղեկատուական հոլովակով։ Այնուհետեւ բեմ ելաւ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի ու Մարզանքի նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան։ Ան ընդգծեց որ համահայկական խաղերը կայացած միջոցառում են, մասնակիցներու թիւը տարուէ տարի կ’աւելնայ։

Պաշտօնական ելոյթները վերապահուած էին Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ու Համահայկական Խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանին։ Երկուքի ալ ելոյթներու պատճէնը արեւմտահայերէնի վերածուած հրատարակած ենք մեր Գ. էջին վրայ։

Հանդիսաւոր տողանցքի ընթացքին կարգաւ մարզադաշտ մտան մասնակից քաղաքներու պատուիրակութիւնները։ Տողանցքին յաջորդեց Խաղերու մարզիկի ու մրցավարի երդումի խորհրդանշական արարողութիւնը։ Մարզիկներու անունով երդում ըրաւ Յովհաննէս Մարգարեան, մրցավարներու անունով՝ Դրաստամատ Մուրատեան։

Գեղարուեստական յայտագրի ընթացքին ելոյթ ունեցան երգչուհի Սիպիլ՝ «Երգն իմ թեւերն են» անուն երգով ու «Մարալ» պարախումբի անդամ-անդամուհիները՝ «Նազպար»ով։

Գլխաւոր ջահը վառելու պատիւը տրուեցաւ առասպելական մարզիկ Արթիւր Ալեքսանեանին։

Յաջորդեց հրավառութիւնը եւ խաղերը պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցան։

https://www.normarmara.com/arsiv2023-2/070823lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın